Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ պիտի օծէ հայ մշակոյթի հերոս, Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի իսկական կամուրջ եւ տիեզերականութեան խորհրդանիշ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի պրոնզաձոյլ արձանը:
Ըստ «Արմենպրես»-ի՝ օծման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 5-ին` ժամը 12:00-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, եւ Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի ներկայութեամբ:
Ստեղծագործութեան հեղինակը քանդակագործ Դաւիթ Երեւանցին է: Պրոնզէ արձանը պատրաստուած է Չեխիոյ Հանրապետութեան ձուլարաններէն մէկուն մէջ` շնորհիւ Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միքայէլ Մինասեանի եւ Արթուր Ջանիբեկեանի ֆինանսական աջակցութեան: Արձանի երկու օրինակ ձուլուած է, որոնցմէ մէկը Վատիկանի պարտէզներուն, իսկ միւսը` Էջմիածնի վեհարանին համար: Այսպիսով, արուեստի միջոցով մէկ ուղերձ կը փոխանցուի, որն ի զօրու է սերտացնել յարաբերութիւնները քոյր եկեղեցիներու միջեւ:
Գրիգոր Նարեկացիի պրոնզաձոյլ արձանը Վատիկանին եւ Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսին նուիրելու գաղափարը ծագած է երկու տարի առաջ, Հռոմի Պապի` Հայաստան կատարած այցի ընթացքին, երբ նախագահ Սարգսեան Սուրբ Հօրը նուիրած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի փոքրիկ պրոնզէ արձանը` յուսալով օր մը ատոր խոշոր տարբերակը տեսնել Վատիկանի պարտէզներուն մէջ: