Այսօր յետմիջօրէին հրթիռարձակման ենթարկուած է Հալէպի Սուլայմանիյէ թաղամասը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Կը նշուի նաեւ, որ հրթիռները ինկած են Սուլայմանիյէ շրջանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց եղող արհեստաւորներու թաղամասին վրայ: Նախնական տուեալներով կան 4 զոհեր եւ 11 վիրաւորեալներ: Ըստ մեր աղբիւրին, զոհերուն կամ վիրաւորներուն մէջ հայեր չկան:



