image

Հրթիռներ Հալէպի Սուլայմանիյէ Թաղամասին վրայ. Կան զոհեր (Լուսանկարներ)

Հրթիռներ Հալէպի Սուլայմանիյէ  Թաղամասին վրայ. Կան զոհեր (Լուսանկարներ)

Այսօր  յետմիջօրէին   հրթիռարձակման ենթարկուած է  Հալէպի Սուլայմանիյէ   թաղամասը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի  իր աղբիւրէն:  Կը նշուի նաեւ, որ հրթիռները ինկած  են  Սուլայմանիյէ շրջանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ  դիմաց  եղող   արհեստաւորներու թաղամասին  վրայ: Նախնական   տուեալներով  կան  4 զոհեր  եւ 11   վիրաւորեալներ: Ըստ   մեր աղբիւրին,   զոհերուն  կամ վիրաւորներուն մէջ հայեր չկան: