image

Հրազդանի Հանրապետական Քաղաքապետը Վերընտրուեցաւ

Հրազդանի Հանրապետական   Քաղաքապետը Վերընտրուեցաւ

Այսօր հրապարկուած են Հրազդան քաղաքի մէջ երէկ  կայացած  քաղաքապետի  ընտրութեան արդիւնքները:  Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնբրէս»  պաշտօնական գործակալութիւնը, որուն հաղորդմամբ Հանրապետական   կուսակցութեան թեկնածու Արամ Դանիէլեան  վերընտրուած է: Նշենք,  որ երէկուան  ընտրութիւններուն, որպէս  կուսակցութիւն առաջին անգամ իր մասնակցութիւնը կը բերէր   Նիկոլ Փաշինեան     հիմնադրած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը    եւ առաջադրած էր  նախկին ազատմարտիկ     Սասուն Միքայէլեանի  թեկնածուութիւնը: Դանիէլեան  ստացած է   12.510    քուէ, մինչ Միքայէլեան՝    10.264 քուէ: