Այսօր հրապարկուած են Հրազդան քաղաքի մէջ երէկ կայացած քաղաքապետի ընտրութեան արդիւնքները: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնբրէս» պաշտօնական գործակալութիւնը, որուն հաղորդմամբ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Արամ Դանիէլեան վերընտրուած է: Նշենք, որ երէկուան ընտրութիւններուն, որպէս կուսակցութիւն առաջին անգամ իր մասնակցութիւնը կը բերէր Նիկոլ Փաշինեան հիմնադրած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը եւ առաջադրած էր նախկին ազատմարտիկ Սասուն Միքայէլեանի թեկնածուութիւնը: Դանիէլեան ստացած է 12.510 քուէ, մինչ Միքայէլեան՝ 10.264 քուէ: