ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը ֆէյսպուքեան իր էջին տեսանիւթ հրապարակած է, ուր կ'երեւի, թէ ինչպէս կ'այրի Նախիջեւանի մէջ ատրպէյճանական դիրքը:
Աւելի վաղ Արծրուն Յովհաննիսեանը ֆէյսպուքեան իր էջին միջոցաւ տեղեկացուցած էր, որ ատրպէյճանական ԶՈւ-երը նախիջեւանեան ուղղութեամբ որոշ տեղամասերու մէջ փորձած են դիրքային ամրապնդման «ինժեներական» աշխատանքներ իրականացնել, ինչին ի պատասխան ՀՀ ԶՈւ-երը պատասխան կրակ բացած են եւ թոյլ չեն տուած հակառակորդին կատարել իր խնդիրը:
«Հայկական կրակից ամբողջութեամբ աւերուել ու այրուել է հակառակորդի դիրքերից մէկը:
Փոխհրաձգութեան ընթացքում թեթեւ (աննշան) վիրաւորում է ստացել ՀՀ ԶՈՒ պայմանագրային զինծառայող, 1974 թ. ծնուած Վահագն Սամուէլի Պաղտասարեանը»,– գրառման մէջ նշած էր Արծրուն Յովհաննիսեանը։