image

Հրանդ Տինքի Սպաննութեան Գործին Դատավարութիւնը Դարձեալ Յետաձգուեցաւ

Հրանդ Տինքի Սպաննութեան Գործին Դատավարութիւնը  Դարձեալ Յետաձգուեցաւ

 Թուրքիա-  Պոլսոյ հայկական «Ակօս»  պարբերականի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպաննութեան գործը քննող   դատավարութիւնը   դարձեալ յետաձգուեցաւ: Այս մասին   գրած է   թրքական  անգլիատառ     Todays Zaman  պարբերականը: Թերթը նաեւ կը նշէ, որ    դատավարութեան յաջորդ նիստը պիտի կայանայ  յառաջիկայ  22  Դեկտեմբերին: Ըստ աղբիւրին    Տինքի սպաննութեան հետ  կարեւոր առնչութիւն ունեցող Եասին Հայալըի  մօտ յայտնուած են   կարեւոր համարուող տեսագրութիւններ եւ այդ տեսագրութիւնները  մինչեւ այս պահը չեն   ներկայացուցած դատարանին առջեւ:  Թերթը նաեւ գրած է, որ սպաննութիւնը  կապ ունի    Թուրքիոյ այսպէս կոչուած   «խորքային պետութեան» հետ: Նշենք, որ  երէկ  տեղի ունեցած դատական նիստի բ ընթացքին   «Հրանդ Տինքի Ընկերներ»  խմբաւորումը   դատարանին առջեւ բողոքի ցոյց կատարած է  պահանջելով  բացայայտել  Տինքի  սպաննութեան իրական պատասխանատուները:    Տինքի սպաննութիւնը կատարող Օկիւն Սամասթ մինչ կը մնայ  բանտի  ճաղերուն  ետին, կը կարծուի որ սպաննութեան պատուէր տրուած է այլ կողմեր: Յիշեցնենք,  որ  Հրանդ Տինք  սպաննուած էր     «Ակօս»ի  խմբագրատան առջեւ    19 Յունուար  2007-ին: Ան իր նահատակութեամբ նոր ճանապարհ ցոյց տուաւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան ճամբուն վրայ: