Իրան մասամբ բացած է օդային տարածքը եւ սկսած օդային հաղորդակցութեան աստիճանական վերականգնումը։
Լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ Իրանի քաղաքացիական օդագնացութեան կազմակերպութեան ներկայացուցիչը յայտնած է, որ շաբաթ օրուընէ արեւելեան օդային տարածքի մէկ մասը պաշտօնապէս բացուած է:
Գերատեսչութեան յայտարարութեան համաձայն՝ երկրի արեւելեան շրջաններու օդակայանները վերսկսած են աշխատանքը բնականոն ռեժիմով, եւ ատոնցմէ թռիչքներ իրականացնելու հնարաւորութիւնն ամբողջութեամբ ապահովուած է: