image

Հալէպ. Երիտասարդական Սեմինար «Քրիսոնէութիւն եւ աշխարհայնացում» ընդհանուր խորագրով

Հալէպ. Երիտասարդական Սեմինար «Քրիսոնէութիւն եւ աշխարհայնացում» ընդհանուր խորագրով

Հալէպի մէջ, օրերս, Awareness Foundation-ի նախաձեռնութեամբ եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի համագործակցութեամբ կազմակերպուած է երիտասարդական սեմինար մը՝ Վեր. Դոկտ. Նատիմ Նասսարի եւ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի մասնակցութեամբ։

Այդ մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը  

Կիրակի, 1 Մարտ 2026-ին, Awareness Foundation-ի նախաձեռնութեամբ եւ համագործակցութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին կազմակերպուեցաւ երիտասարդական սեմինար՝ ներկայացուած Վեր. Դոկտ. Նատիմ Նասսարի եւ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի կողմէ։ Սեմինարին մասնակցեցան 50 երիտասարդներ։

Սեմինարին առանցքը կը կազմէր հետեւեալ հիմնական նիւթերը՝

-Ժամանակակից անհատը՝ անկախութեան եւ ներքին տագնապի մէջ:

-Ազատութիւնն ու ինքնութիւնը՝ ընկերային ցանցերու եւ թուային մշակոյթի ազդեցութեան տակ։

-Տէր Յիսուս Քրիստոսի Աստուծոյ ներկայութեան յայտնութիւնը մերօրեայ կեանքին մէջ:

-Աստուծոյ արքայութիւնը՝ որպէս յոյսի վկայութիւն եւ ներգործուն ներկայութիւն հասարակութեան մէջ:

Մասնակիցները բաժնուեցան երեք քննարկման խումբերու եւ իրենց եզրակացութիւնները ներկայացուցին սեմինարի աւարտին՝ արտայայտելով իրենց պատրաստակամութիւնը նորոգելու հաւատքի նկատմամբ նուիրումը եւ զայն ապրելու գիտակցաբար ու պատասխանատուութեամբ։

Սոյն սեմինարը հանդիսացաւ գօտեպնող հարթակ՝ երիտասարդները խրախուսելու`ապրելու իրենց քրիստոնէական ինքնութիւնը վստահութեամբ եւ ըլլալու յոյսի եւ լոյսի կենդանի վկայութիւն իրենց շրջապատին մէջ։