ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է Իրանի հետ բանակցութիւններուն մէջ «բաւական լաւ լուրերու» մասին, սակայն զգուշացուցած է, որ հրադադարը կրնայ աւարտիլ առանց համաձայնութեան:
«Մենք բանակցութիւններ պիտի վարենք հանգստեան օրերիւն։ Ես կ՚ակնկալեմ, որ ամէն ինչ լաւ պիտի ընթանայ։ Հարցերէն շատերն արդէն քննարկուած եւ համաձայնեցուած են»,- նշած է Թրամփը, աւելցնելով՝ ԱՄՆ-ի գլխաւոր պայմանն այն է, որ Իրանը հրաժարի միջուկային զէնքէն:
Միեւնոյն ժամանակ Սպիտակ տան ղեկավարը ակնարկած է, որ պայմանաւորուածութիւններու բացակայութեան պարագային ԱՄՆ-ը կրնայ հրաժարիլ հրադադարէ եւ շարունակել ճնշումը, ներառեալ՝ իրանական նաւահանգիստներու շրջափակումը:
Լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ իրանցի պաշտօնեաներն ալ յայտնած են, որ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններու նոր փուլը նախատեսուած է երկուշաբթի Իսլամապատի մէջ։