image
Հրատապ լուրեր:

Հայ գիտնականին նոր երազանքն է ստեղծել «արեւային առագաստներ»

Հայ գիտնականին նոր երազանքն է ստեղծել «արեւային առագաստներ»

Ամերիկա  հաստատուած եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի դոցենտ՝  հայ գիտնական Արթուր Դաւոյեան, յղացած է խելագար գաղափար մը, որ  կրնայ դրական առումով գլխիվայր շրջել Տիեզերքի ուսումնասիրման ոլորտը:

Դաւոյեան կը ծրագրէ իր այդ գաղափարով շրջանցել Տիեզերքին մէջ շարժելու մեր ստեղծած սարքերու դանդաղութիւնը ու անոնց հաղորդել մեզի տակաւին անհասանելի թուացող արագութիւններ:

Հայ գիտնականը իր գաղափարը պիտի իրագործէ, արեւային առագաստներու միջոցով:

Ըստ գիտնականին՝ առագաստներով զինուած այդ սարքերը շատ պիտի մօտենան Արեւին ու օգտագործելով, Արեւի հրման ուժը, պիտի զարգացնեն շատ մեծ արագութիւններ (ինչպէս առագաստանաւերը կ'օգտագործեն քամիի ուժը):

Փրոֆեսոր Դաւոյեան արդէն իսկ ֆինանասաւորում (grant) ստացած է NASA-էն՝ այս արհեստագիտութեան նախնական տարբերակը ստուգելու համար:

Ըստ ծրագրուածին՝ նկարագրուած առագաստներով սարքերը պէտք է կարողանան Մարս հասնիլ օրերու, Լուսնթագ ու Նեպտիւն ամիսներու, իսկ Երկրէն ամենահեռուն գտնուող սարքաւորման՝ Voyager-1-ին (շուրջ 20 միլիառ քիլոմեթր հեռաւորութիւն) ընդամէնը 2,5 տարուայ ընթացքին:

Ու եթէ այս արհեստագիտութիւնը յաջողի, ապա վերոնշեալ արագութիւնները կ'ըլլան պարզապէս սկիզբը միայն:

 

Նիւթը ՝ #Տիեզերք #Space

 

Գրառումը՝ Ապրես Զոհրապեանի