image

Հիւսիսային Քորէան եւ միջուկային սպառնալիքը

Հիւսիսային Քորէան եւ միջուկային սպառնալիքը

Հիւսիսային Գորէայի ժողովրդական հանրապետութիւնը միջոցներն ու կարելիութիւնները ունի՞ սարքելու ջրածնային ռումբ մը, որ հիւլէական ռումբէն աւելի ուժեղ եւ ազդեցիկ է: Միջազգային հանրութիւնը երիտասարդ բռնակալ Քիմ-Եոնկ-Ունի ուժի ցոյցերէն յետոյ լուրջ հարցականներու դէմ յանդիման կը գտնուի:


Մայրաքաղաք Փիյոնկեանկի փողոցներուն մէջ 2017 Սեպտեմբեր 6-ին արտասովոր հանրահաւաք, հսկայ հրավառութիւն, համատարած խանդավառութիւն կը տիրէր, ի պատիւ երեք օր առաջ հիւսիսայինգորէացի գիտնականներու կողմէ մինչ այդ իրագործուած միջուկային փորձերու ամենաուժգինը ոգեկոչելու համար: Ըստ ամերիկեան լրատու ծառայութեանց, ինչպէս նաեւ նորվեկեան երկրաշարժային մասնագէտներու գնահատականներուն՝ պայթումը կը ներկայացնէր 140-էն 250.000 թոն ԹՆԹ-Թրինիթրոթոլուէնի պայթումին համարժէք կարողութիւն: Այս ահաւոր ուժգնութիւնը համազօր է 1945-ին Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի հիւլէական ռումբերու ուժգնութեան 9-էն 16 անգամին: Աւելի մտահոգիչը՝ Հիւսիսային Գորէայի պաշտօնական լրատու գործակալութեան հեռասփռած այն լուսանկարն էր, ուր 33-ամեայ երիտասարդ ղեկավարը կ՚երեւէր հսկայ պիստակաձեւ սարքաւորումի մը քով, որ կը ներկայացնէ ջրածնային ռումբ մը: Այս վերջինը, ինչպէս վերեւ նշուեցաւ, հիւլէական ռումբէ մը շատ աւելի զօրաւոր է:


Սպառնալիքը ամբողջացնելու համար նշենք, որ Հիւսիսային Գորէան զուգահեռաբար կը պատրաստէ միջցամաքային հրթիռներ, որոնք զինուած պիտի ըլլան միջուկային գլխամասերով: Այսպէս, անցեալ ամառ փորձուած Հուասոնկ-14-ը ունի 10.000 քիլոմեթրի հասողութիւն, որ կրնայ հարուածել Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան տարածութեան կէսը: Որպէս վրիժառու արարք նախագահ Թրամփ, որ իր գորէացի պաշտօնակիցին խոստացեր էր «կրակ եւ սարսափ», Սեպտեմբեր 18-ին գորէական թերակղզիին վրայ թռցուց 4 գաղտնի որսորդանաւ եւ 2 ռմբաձիգ: Միացեալ Նահանգներու՝ ՄԱԿ-էն պահանջած պատիժները նուազ ծանրակշիռ եղան, թէպէտեւ այս վերջինները հաստատուեցան Փիյոնկեանկի պատմական դաշնակիցներ Ռուսաստանի ու Չինաստանի կողմէ: Պէտք է նաեւ ըսել, որ այս տագնապը կը զուգադիպէր Հիւսիսային Գորէայի համար յոռեգոյն մէկ շրջանին, երբ ՄԱԿ-ի Յուլիս 4-ի ընդհանուր ժողովի ընթացքին 122 պետութիւններու կողմէ կը վաւերացուէր միջուկային զէնքերու արգիլման այն օրէնքը, որ ի զօրու կը դառնայ 2018-էն սկսեալ:



Հիւսիսային Գորէան իսկապէս ջրածնային ռումբի տէ՞ր է
Յամենայնդէպս Քիմ-Եոնկ-Ուն կը պնդէ, թէ իր երկիրը այսուհետեւ տէր է հզօրագոյն զէնքին, այսինքն՝ ջերմամիջուկային կամ ջրածնային ռումբի: Այսուհանդերձ վերեւ յիշուած լուսանկարի ներկայութիւնը ջրածնային ռումբի գոյութեան բացարձակ ապացոյցը չի նկատուիր: Սակայն Քիմ-Եոնկ-Ուն յաջողած ըլլալ կը թուի իր գրաւին մէջ, այսինքն՝ շարունակել յարգանքը վայելել միջազգային հզօր պետութիւններու: Հիմա ջանանք բացատրել ջրածնային ռումբին եւ հիւլէական ռումբին տարբերութիւնը։


Սկզբունքը կարելի է պարզօրէն՝ հետեւեալ կերպով ձեւակերպել. հիւլէական ռումբի պարագային պայթուցիկ տարրի մը միջոցաւ ծանր հիւլէներու կորիզը կը տարանջատուի (տարանջատում-fission), ստեղծելով աւելի թեթեւ կորիզներ, միանգամայն ազատ արձակելով նէօթրոններ: Այս վերջինները ուրիշ ծանր հիւլէներու հետ բախումով նոր՝ աւելի թեթեւ կորիզներու կազմութեան պատճառ կը դառնան: Այս շղթայուած հակազդեցութիւնն է, որ ահաւոր ուժանիւթ կը ստեղծէ ջերմութեան դրսեւորումով: Գալով ջրածնային ռումբի պատրաստութեան սկզբունքին՝ այս վերջինը կը պահանջէ արտակարգ բարձր ջերմաստիճան: Այս իսկ պատճառաւ ան կը բաղկանայ երկու բաժինէ, աթոմական ռումբ մը եւ ջրածնային ռումբ մը: Աթոմական ռումբին ապահոված 10 միլիոն աստիճանի ջերմութիւնն է, որ կ՚իրականացնէ համաձուլում-fusion կոչուած հակազդեցութիւնը, որ տեղի կ՚ունենայ ջրածինի երկու իզոթոփներու միջեւ՝ տէօթերիում եւ թրիթիում, կազմելով հելիումի աթոմ մը, միաժամանակ արձակելով արտակարգ ահաւոր ուժանիւթ:


Անցեալ Սեպտեմբեր 3-ին իրագործուած վերջին պայթումի փորձի արժեւորումները կը պարզեն 250.000 թոն Թրինիթրոթոլուէնի պայթումին համարժէք ուժանիւթ արտադրող ռումբի մը ներկայութիւնը: Սակայն տեղի ունեցած պայթումին երկրաշարժային տուեալները թոյլ չեն տար զանազանել հիւլէական ռումբը ջրածնային ռումբէն: Միայն համաձուլումի արտադրութիւններու վերլուծումն է, որ թոյլ պիտի տայ ըսել, թէ ռումբը ջրածնայի՞ն է, թէ՞ ոչ: Պայթումի հետեւանքով որոշ շողագործօն կազերու ներկայութիւնը պարտադիր է: Ցարդ մթնոլորտի մէջ նման կազերու ներկայութիւնը չէ յայտնաբերուած:



Ինչպէ՞ս կարելի է գործածել միջուկային ռումբ մը
Միջուկային զէնքերու տէր պետութիւնները բազմաթիւ կարելիութիւններ ունին կիրարկութեան մէջ դնելու իրենց ռումբերը: Ամենածանօթը հողային կամ տկար բարձրութեան վրայ իրագործուած յարձակումն է, զոր կիրարկեցին Ամերիկացիները Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի ռմբահարումներու ընթացքին: Մինչդեռ գոյութիւն ունի ուրիշ եղանակ մը, որ կը կոչուի «ելեկտրամագնիսական զարկ», նուազ ծանօթ եւ ցարդ չիրագործուած գործողութիւն: Սկզբունքը հետեւեալն է. միջուկային ռումբը պայթեցնել 40 քիլոմեթրէ վեր բարձրութեան մը վրայ, այսինքն իոնոսֆերի մէջ: Հոն տեղի ունեցող ֆիզիքաքիմիական հակազդեցութեան մը հետեւանքով կը ստեղծուի այնպիսի ուժեղ ելեկտրամագնիսական ալիք մը, որ կրնայ փճացնել ելեկտրական եւ ելեկտրոնական բոլոր համակարգերը: Նպատակը ուղղակի բազմամիլիոն զոհեր պատճառել չէ այլեւս, այլ՝ ստեղծել քաոսային իրավիճակ: Հետեւանքները ահաւոր են. ելեկտրականութիւն կամ ելեկտրոնիկ պահանջող բոլոր սարքաւորումներու խզում, միջուկային կեդրոններու ցրտառութիւն, հաղորդակցական եւ փոխադրական բոլոր միջոցներու քայքայում, հիւանդանոցներու եւ մարդասիրական այլ բոլոր ծառայութիւններու դադար: Որպէս օրինակ, Հիւսիսային Գորէայի վերջին պայթումի փորձը եթէ տեղի ունենար Ֆրանսայի իոնոսֆերին մէջ, 40 քիլոմեթր բարձրութեան վրայ, վերեւ յիշուած վնասները պիտի դատապարտէին 6-էն 8 նահանգներու բնակիչները:



Քաղեց՝ Սուրէն Շէրիք