22 Ապրիլին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանն աշխատանքային այցով եղած է հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանի հարաւարեւմտեան ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական յենակէտերը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Պաշտպանութեան նախարարին զեկուցուած է սահմանագօտիին տիրող մարտավարական իրադրութեան, կատարուած եւ ընթացիկ ճարտարապետական ու ամրաշինական, յենակէտերու վերազինման աշխատանքներու եւ թիկունքային ապահովման խնդիրներու մասին:
Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը զրուցած է դիրքապահներուն հետ, հաւաստիացուցած, որ անձնակազմի ընկերային-կենցաղային պայմաններու շարունակական բարելաւման հետ կապուած խնդիրները մշտապէս կը գտնուին երկրի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ուշադրութեան կեդրոնը:
Դաւիթ Տօնոյեան խրախուսած է բարձր լեռնային բարդ պայմաններու մէջ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զինծառայողները եւ շնորհակալութիւն յայտնած գերազանց ծառայութեան համար:
Պաշտպանութեան նախարարն ունկնդրած է նաեւ զօրամիաւորման եւ զօրամասերու հրամանատարներու զեկոյցները ստորաբաժանումներու առջեւ դրուած խնդիրներու կատարման, անձնակազմի մարտական եւ բարոյահոգեբանական պատրաստութեան մակարդակի հետեւողական բարձրացմանն ուղղուած աշխատանքներու մասին, տուած է համապատասխան յանձնարարականներ եւ ցուցումներ:



