image

ՀՀ Ազգային Ժողովը Յատուկ Յայտարարութեամբ Հանդէս Եկաւ

ՀՀ Ազգային Ժողովը Յատուկ Յայտարարութեամբ Հանդէս Եկաւ

Հայաստանի Ազգային ժողովը    այսօր գումարեց արտահերթ  նիստ մը կապուած Արցախի  մէջ  գրանցուող զինուորական  զարգացումներուն: Ազգային Ժողովը     այս առթիւ հրապարակած է   յատուկ յայտատարութիւն ,  ուր կը դատապարտուի Ազրպէյճանի  կողմէ  Արցախի     դէմ եղած   սադրիչ   գործողութիւնները:  Նիստին ընթացքին խօսք առնողներէն եղած է ՀՀ Ազգային Ժողովի  փոխխօսնակ Էտուարտ Շարմազանով:  Ան ըսած է, որ տեղի ունեցած  գործողութիւնները   աննախադէպ են: Շարմազանով   նոյնպէս  կոչ ուղղած է միջազգային հանրութեան   իրերը րենց  անունով կոչել    եւ   համարժաէք կերպով արձագանքել ստեղծուած վտանգաւոր դրութեան: