Ամառը բաւական տաք եղաւ Հայաստանի մէջ քաղաքական առումով։ Խումբ մը հայեր, որոնք այլապէս մեծապէս յարգուած զինուորներն էին Արցախի դատին, ոստիկանատուն գրաւեցին, պատանդներ բռնեցին, ապա հետզհետէ պատանդները արձակեցին, ի վերջոյ տենդագին բանակցութիւններէ ետք յանձնուեցան։
Գրաւողները նախ պահանջեցին Ժիրայր Սեֆիլեանի ազատ արձակումը, ապա դրին կարգ մը այլ պահանջքներ, ինչպէս՝ հանրապետութեան նախագահի հրաժարականը եւայլն։ Պահանջքները իրատեսական չէին, բայց մանաւանդ՝ պահանջելու ձեւը անընդունելի էր։
Որքան որ ալ արցախեան պատերազմի հերոսներ ըլլային այս արարքի հեղինակները, պատկառելի անցեալ ունենալ չի նշանակեր ամէն ինչ ընելու արտօնուած ըլլալ։ Իրենց պահանջքները անիրականանալի էին, որովհետեւ եթէ իշխանութիւնները ընդառաջէին եւ տեղի տային, վտանգաւոր նախընթաց պիտի ստեղծուէր եւ ամէն օր պիտի ունենայինք այսպիսի դէպքեր, զանազան ու զարմանազան պահանջքներով։
Ժողովուրդը առաջին օրուընէ տատամսեցաւ թիկունք կանգնիլ, որովհետեւ յարձակման պահո՛ւն իսկ ոստիկան մը զոհուեցաւ, յանցանքի հանգամանքը ամբողջովին փոխելով, իսկ աւելի ուշ զոհուած ոստիկաններու թիւը հասաւ երեքի։ Բայց նաեւ՝ որովհետեւ Սասնայ Ծռերը ծրագիր չունէին։ Իրենց պահանջքն էր Ժիրայր Սէֆիլեանը ազատել եւ նախագահը հեռացնել։ Յետո՞յ ինչ։
Թէեւ յաջորդող օրերուն եւ շաբաթներուն Սասնայ Ծռերու համախոհներու թիւը սկսաւ համեմատաբար շատնալ, այդ մէկը գաղափարական նեցուկէ եւ համախոհութենէ աւելի՝ արդիւնք էր իշխանութեան հանդէպ ժողովուրդի համատարած դժգոհութեան եւ ատելութեան։ Այսուհանդերձ այս արարքը չվերածուեցաւ ժողովրդական շարժումի եւ չապահովեց լայն զանգուածներու նեցուկը։
Ոմանք աճապարելով արարքը որակեցին ահաբեկչութիւն եւ կատարողները՝ ահաբեկիչներ։ Հայ ժողովուրդին համար այս բառերը ոչ միայն ժխտական իմաստ չունին, այլ կապուած են հերոսներու եւ սրբութիւններու, որովհետեւ հայկական ահաբեկչութիւն ըսելով մեր առջեւ կու գան Քրիստափորէն սկսեալ մինչեւ Թեհլիրեաններն ու մինչեւ Լիզպոնի տղաքը այն սրբազան ահաբեկիչներու փաղանգը, որոնք իրենց արդարահատոյց բազուկով պատժեցին թուրք արիւնարբու ճիւաղները եւ Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ հիւսուած լռութեան պատը քանդեցին։ Իսկ ներկայիս աշխարհի գլխուն փորձանք եղած ՏԱԷՇի կամ իսլամական այլ ծայրայեղ խմբակներու ահաբեկչութեան եւ կուրօրէն մահ սփռելու երեւոյթին հետ կարելի չէր բաղդատել Սասնայ Ծռերու արարքը, որովհետեւ այդ պարագային իրենց նպատակը պիտի ըլլար կարելի եղածին չափ շատ կեանքեր հնձել…
Ճիշդ է, «Զէնքով եւ բռնութեամբ հարցեր չեն լուծուիր», ինչպէս կ՚ըսէ նախագահը։ Որեւէ երկրի մէջ այսպիսի արարք մը անպայման պիտի դատապարտուէր բոլորին կողմէ եւ օրէնքի ամենայն խստութեամբ պիտի պատժուէին յանցագործները։ Բայց միւս կողմէ, որեւէ երկրի մէջ այսպիսի իշխանութիւններ չէին կրնար գոյատեւել, երբ ժողովուրդը արիւնաքամ կը հեռանայ երկրէն շարան-շարան, իսկ երկրի ղեկավարները կը դիզեն ու կը դիզեն իրենց միլիառները։
Միայն լատինամերիկեան, ափրիկեան եւ արաբական կարգ մը երկիրներու մէջ կարելի է գտնել այնպիսի համակարգ, ուր մեծահարուստ դառնալու, միլիոններ ու միլիառներ դիզելու ամենադիւրին ճամբան ըլլայ նախարար կամ պատգամաւոր, գեներալ կամ ոստիկանապետ, հարկային կամ մաքսային պաշտօնատար ըլլալը։ Իսկ գիտնականներն ու բժիշկները, արուեստագէտներն ու դասախօսները գոյատեւելու համար օտար պարտէզներու մէջ ձիթապտուղ կամ գետնախնձոր հաւաքելով, հեռաւոր ափերու վրայ շէնքերու շինութեան համար աղիւսներ ու երկաթներ կրելով մաշեցնեն իրենց կեանքը յանուն պատառ մը հացի։
Ժողովրդավարութեան տարրական հիմերէն մէկն է ընտրութիւններու համակարգը, իսկ Հայաստանի մէջ չեղան ընտրութիւններ առանց կեղծիքներու։ Հայաստանի վերանկախացման 25 տարիներու 3 նախագահները երկրորդ շրջանի համար «վերընտրուեցան» ճիշդ այնպէս ինչպէս «վերընտրուած» էին Հիւսնի Մուպարաքը, Հայտար եւ Իլհամ Ալիեւները, Հաֆէզ եւ Պաշշար Ասատները… ու դեռ կը շարունակեն «օդում կախուած մնալ» այնպիսի յայտարարութիւններ, որ Հայաստանը Լիբանան կամ Սուրիա չէ…։
Սասնայ Ծռերու արարքը իր ձեւով անընդունելի է, բայց նաեւ խորքո՛վ անընդունելի է, որովհետեւ սկիզբը արարքը կապ չունէր Հայաստանի ընկերային վիճակին հետ, պահանջքը մէկ էր՝ ազատ արձակել Ժիրայր Սէֆիլեանը։ Յետոյ էր որ աւելցան այլ պահանջքներ, հաւանաբար իրենց շարժումին մէջ ներքաշելու համար ժողովուրդը։
Յամենայն դէպս, անարդարութեան եւ չքաւորութեան մէջ հիւծող ժողովուրդը ամէն պատճառ ունի դժգոհելու գործող անիրաւութիւններու դէմ։ Պետութեան գլխաւոր գործը պէտք է ըլլայ վերացնել այն պատճառները որոնք մարդիկը կը մղեն դիմելու յուսահատ քայլերու։
Գրիգոր Դաւիթեան
France Armenie/Paris