image

Հերթը եկաւ Քալամունին. Սուրիոյ բանակը կը զգուշացնէ «ընդդիմադիրներ»ը

Հերթը եկաւ Քալամունին. Սուրիոյ բանակը  կը զգուշացնէ «ընդդիմադիրներ»ը

Դամասկոսի հիւսիս արեւելեան շրջափակուած շրջանին՝ Քալամունի մէջ գտնուող Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժեր երկընտրանքի առաջ դրուած են՝ կամ ընդունիլ «պետութեան իշխանութիւնը» կամ հեռանալ շրջանէն: Այս մասին յայտնած է Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերու ներկայացուցիչը, նշելով, որ առաջարկութիւնը եղած է երեքշաբթի օր՝ ապրիլին, ռուսական եւ սուրիական բանակի երկու սպաներու կողմէ, կը գրէ «Lebanon 24»ը:

 

«Reuters»ի համաձայն, այս մասին զգուշացումը ստացած են շրջանի քաղաքացիները, ռուս գնդապետի եւ սուրիական ռազմաօդային ուժերու հետախուզութեան սպային հետ հանդիպման ժամանակ:

 

Միւս կողմէ, ընդդիմադիր ուժերու ներկայացուցիչը առաջարկ ներկայացուցած է, որու համաձայն բոլոր զինեալները կը հեռանան քաղաքներէն դէպի լեռնային շրջաններ, սակայն քաղաքացի բնակչութիւնը կը շարունակէ մնալ, խուսափելու համար «հարկադիր տեղահանումէ», սակայն այդ առաջարկը դեռ պատասխան չէ ստացած: