Իրաք- («Ալ Մայատին»- Պէյրութ) Պաղտատի մէջ հազարաւոր ցուցարարներ բողոքի հաւաք մը կատարելով պահանջած են թրքական ուժերուն հեռացումը: նշենք, որ բողոքի ցոյցերը տեղի ունեցած են Պատատի «Ալ Թահրիր» հրապարակին եւ մայրաքաղաքի Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց, ուր բողոքաւորնրուն անունով խօսք առնողներ դատապարտած են թրքական ուժերու միջմատնութիւնը Իրաքի մէջ պահանջելով Թուրքիոյ կառավարութիւնէն արագօրէն դուրս բերել իր ուժերը իրաքի հիւսիսային շրջաններէն: Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարբութիւնը եւս յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով Թուրքիայէն նոյնպէս պահանջած է հեռու մնալ Իրաքի մէջ միջամտութիւններ կատարելէ եւ արագօրէն դուրս բերել իր ուժերը Իրաքէն: