Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցին յայտնած է, թէ Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին պատժելիութիւնը նախատեսող նոր օրինագիծը պէտք է իրաւական ամուր հիմքերու վրայ հիմնուած ըլլայ:
“Ինչպէս գիտէք, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ հաստատած է, որ Խորհրդարանին կը ներկայացուի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի պատժելիութեան նոր օրինագիծ մը։ Նախագահ Հոլանտ օրինագիծին պատրաստութեան գործընթացը վստահած է Մարդկային Իրաւանց Եւրոպայի Ատեանի նախկին նախագահ Ժան-Փօլ Գոսթային։ Ան շատ լաւ մասնագէտ է, ծանօթ իրաւաբան։ Նախագիծին պատրաստութիւնը նախատեսուած է մինչեւ Ապրիլ եւ կառավարութիւնը զայն պիտի ներկայացնէ Խորհրդարանին”, ըսած է Փափազեան, աւելցնելով, որ տասը տարի է այս խնդրին ուղղութեամբ կ՚աշխատին եւ կ՚ուզեն, որ այս տարի ան վերջնական լուծում ստանայ: Մուրատ Փափազեանի համաձայն, պէտք է նոր օրինագիծը իրաւական ամուր հիմքերու վրայ հիմնուած ըլլայ, որպէսզի Սահմանադրական խորհուրդը զայն չբեկանէ:
“Երբ Խորհրդարանը օրինագիծը քննարկէ եւ հաստատէ, ատկէ յետոյ մեր թշնամիները անպայման հարցը պիտի տանին Սահմանադրական խորհուրդ, ինչպէս եղաւ 2012ին։ Հետեւաբար ամուր իրաւական հիմքեր պէտք են, որպէսզի խորհուրդը զայն չբեկանէ”, աւելցուցած է ան:
Ան տեղեկացուցած է նաեւ որ Արցախի հարցին առընչուող լուրջ աշխատանք պիտի տարուի, որպէսզի յաջողութիւններ արձանագրուին Արցախի ճանաչման գծով:
“Չենք կրնար ըսել, որ Արցախը այս տարի կը ճանչուի, բայց գոնէ որոշ հանգրուանի պէտք է հասնինք, դէպի յառաջ քայլ պէտք է արձանագրուի։ Գիտենք, որ կը խօսուի ղարաբաղեան խնդրին առընչուող նոր առաջարկներու մասին։ Չենք կրնար ըսել, որ լաւատես ենք, վերջնական լուծում կը գտնուի, սակայն դէպի խաղաղութիւն որեւէ քայլ պէտք է արձանագրել”, ըսած է Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահը:
Մուրատ Փափազեան նշած է, որ կը նկատուի ֆրանսացի երեսփոխաններու աշխատանք Արցախի հետ: “Կազմակերպուած են այցելութիւններ Արցախ, եւ տեղւոյն վրայ խնդրին, իրավիճակին ծանօթանալէ ետք պատկերացումները փոխուած են։ Այս տարի նոյնպէս կը նախատեսենք տարբեր խումբերու այցելութիւններ կազմակերպել դէպի Արցախ”, աւելցուցած ան:
Ֆրանսահայութեան համար յաջորդ կարեւոր հարցը սուրիահայութեան զօրակցիլն է: “Սուրիահայութեան վիճակը ծանր է, շատ կարեւոր է մեր ազգակիցներուն աջակցիլը։ Ֆրանսայի հայկական համայնքը իր զօրակցութիւնը կը բերէ, որպէսզի փրկուի Սուրիոյ համայնքը։ Աջակցութիւնը կ՚ըլլայ թէ՛ ֆինանսական, թէ՛ մեր կապերու տեսքով”, ըսած է Մուրատ Փափազեան, նշելով, որ Ֆրանսա այդքան ալ շատ սուրիահայեր չեն գար, իսկ եկողներն ալ ընդհանրապէս հոս հարազատներ ունին: