Սոյն վերնագիրը կը պատկանի սէուտցի լրագրող Մուսաատ Ալ Ասիմիին, որ օրերս Սէուտական «Ալ Ռիատ»ին մէջ հրապարակած է իր ուշագրաւ յօդուածը։
«Արեւելք» այն թարգմանաբար կը ներկայացնէ իր ընթերցողներու լայն շրջանակներուն։
Այն ինչ թրքական կառավարութիւնը կը կատարէ ներկայիս, ծաղրուծանակի առարկայ է: Ով որ կը կառավարէ երկիր մը, ուրկէ վարձկանները կը ճամբորդեն դէպի Հայաստան, Լիպիա, Կիպրոս եւ այլ երկիրներ, պարզապէս մակերեսային է, ու յիմար …, իսկ այդ որակները ամբողջութեամբ կը համապատասխանեն այն մտայնութեան, որով Էրտողանը Թուրքիան կը ղեկավարէ:
…
Թրքական քաղաքական միտքը կը կարծէ, թէ իրենք գերպետութիւն են, ինչ շատ ծիծաղելի ու կասկածելի է, եւ կը հաստատէ, թէ Թուրքիան ձախողած է իր ներքին քաղաքականութեան մէջ եւ չէ յաջողած իրենց ժողովուրդներուն կայունութիւնն ու բարգաւաճումը ապահովել: Փոխարէնը, աղքատութիւնը մնայուն կերպով կ'աճի, տեղական դրամական արժոյթը շարունակական անկում կ'ապրի, իսկ տնտեսութիւնը իւրաքանչիւր արտաքին փոխգործակցութեան ընթացքին կը խափանուի: Անդին, նկատի պէտք է ունենալ, որ Իրանը շրջափակուած է, իսկ Թուրքիան մնայուն խնդիրներու դժուարութիւններու մէջ է Միջերկրականեանի վրայ, եւ երթալով շրջանակը կը նեղնայ իր չորս կողմը, մանաւանդ որ Եւրոպայի ու Ամերիկայի միջամտութեամբ Յունաստանն ու Կիպրոսը զգալի առաւելութիւն ունեցած են անոր նկատմամբ:
Էրտողանի Թուրքիան, որ պարուրուած է մեծութեան փուճ հանգոյցով, ինչը զինք դէպի կործանում ու անկում պիտի տանի: Ան սկսաւ Իրաքեան Քիւրտիստանէն, ապա արաբական երկիրներ գնաց Եղբայրական [իսլամական] յեղափոխական կարգախօսներով, եւ այսօր ան իր իսկական դէմքը կը բացայայտէ Լիպիոյ ու Քաթարի մէջ, եւ կը փորձէ իր ներկայութիւնը վերականգնել Կիպրոսի ու Միջերկրականեան Ծովի բարիքներուն վրայ: Սակայն այս բոլորը իր դէմ պիտի աշխատին, իր փխրունութեան եւ թոյլ տնտեսութեան պատճառով, ու պիտի ստիպեն իրեն շուտով յանձնուելու…:
Աշխարհը այսօր ձեռքերը ծալած պիտի չմնայ, եւ անկասկած, նուազագոյնը որ պիտի ընէ թրքական յիմարութեան նկատմամբ՝ բանալ անցեալի ու ներկայի կեղծիքներու եւ ջարդերու գործերը: Յատկապէս այն պատճառով, որ Թուրքիան արաբական եւ եւրոպական երկիրներու մէջ ունի ցեղասպանական յայտնի արարքներ եւ անցեալ դարու երկրորդ տասնամեակին մօտ 1.5 միլիոն հայերու ոչնչացումը: Պատմութիւնը չի՛ ջնջեր այդ բոլորը: Վստահ ենք, թէ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք ինչ որ պատահեցաւ Հիթլէրի գերմանացի օգնականներուն՝ դատապարտութիւններ ու մահապատիժներ, եւ ինչ որ պատահեցաւ Աթաթուրքի օսմանեան Թուրքիային՝ յանձնուելուն, անկումին ու ինքնութեան փոփոխումին, շուտով պիտի պատահի նաեւ Էրտողանին, եւ ան պատասխանատուութեան պիտի կանչուի իր նախորդներուն ըրածներուն համար, որովհետեւ ընդունեցաւ անոնց յանցագործութիւնները ու աւելցուց զանոնք: Իսկ ամէնէն կարեւորը այն է, որ Էրտողանը Հիթլէրին նման թոյն կուլ չտայ, որովհետեւ աշխարհը կը ցանկայ զինք վանդակին մէջ տեսնել…