image

Հայաստանը եւ Սփիւռքը պէտք չէ իրենց մօտեցումները պարտադրեն պոլսահայերուն. Ստեփան Դանիէլեան

Հայաստանը եւ Սփիւռքը պէտք չէ իրենց մօտեցումները պարտադրեն պոլսահայերուն. Ստեփան Դանիէլեան

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ   վերլուծաբան Ստեփան  Դանիէլեանը

Քաղաքական մեկնաբան Ստեփան Դանիէլեանը վստահ է, որ Հայաստանի մէջ Թուրքիոյ, յատկապէս՝ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերու մասին գրագիտութեան պակաս կայ: «Արեւելք»- ի հետ զրոյցի ժամանակ ան մանրամասնեց իր միտքը, նշելով, որ  Հայաստանի մէջ տարբեր մակարդակներու վրայ այսօր չեն գիտեր, թէ ի՞նչ տեղի կ'ունենայ Թուրքիոյ մէջ, ի՞նչ խնդիրներ ունին այնտեղի հայերը, ինչպէ՞ս պէտք է մենք մօտենանք մեր հայրենակիցներու հարցերուն… «Միայն զգացական մօտեցում կը տիրէ, որն է՝ պատրիարքէն պահանջել, որ խիստ քայլեր ընէ իշխանութիւններու հանդէպ: Բայց քիչեր կը պատկերացնեն, թէ այդ մէկը ինչ վտանգի տակ կրնայ դնել պատրիարքութիւնը, համայնքը… Երբ ես մօտ տասը տարի առաջ Պոլիս եղայ եւ մասնակից եղայ հայ-թրքական առաջին երկխօսութիւններէն մէկուն, որուն տարբեր շրջանակներէ այլ մարդիկ ալ  մասնակցած էին, այդ շարքին՝ թուրքեր, իմ տպաւորութիւնը այն էր, որ մեր հայկական համայնքը շատ ուժեղ ճնշման տակ է, կը հսկուի յատուկ ծառայութիւններու կողմէ, եւ իմ  շփումներէն հասկցայ, որ  համայնքի վիճակը իսկապէս վատ է, իսկ այսօր կը կարծեմ, որ աւելի վատ է»,-մեր հետ զրոյցին ըսաւ քաղաքական մեկնաբանը, նշելով, որ հայաստանցի լրագրողներու ծայրայեղ մօտեցումները, եւ պատրիարքարանի որոշ գործիչներուն ծանր քննադատութիւններ ընելը՝ սխալ է:   «Անկախ անկէ, թէ ով ինչպէս կը վերաբերի Թուրքիոյ, անոր վերաբերող բոլոր հարցերուն մէջ  շատ զգոյշ պէտք է ըլլալ, քանի որ այնտեղ ապրող մեր հայրենակիցներու անվտանգութեան հարցը դրուած է: Որպէս օրինակ կրնամ բերել Իրանի հրէական համայնքը, ուր հրեաները կրնան նամակներ գրել Իսրայէլի դէմ, եւ Իսրայէլի մէջ այն մեծ ըմբռնումով կ'ընդունին՝ հասկնալով տեղի համայնքի վիճակը եւ անոնց համար բնականաբար առաջնայինը համայնքն է, առաջնայինը այն է, որ  համայնքի անդամները աճին,  կրթութիւն ստանան իբրեւ հրեաներ: Նոյն օրինակով կրնանք ըսել, որ մեզի համար ալ այդ երկիրը Թուրքիան է, եւ մեզի համար այսօր կարեւոր պէտք է ըլլայ ոչ թէ այն, որ այնտեղ ապրող հայերը պայքարին իշխանութիւններու դէմ եւ անոնցմէ ցեղասպանութեան ճանաչում պահանջեն, այլ այն, որ մեր համայնքը ուժեղ մնայ, կրթական հարցերը լուծուին, մշակութային կեանքը շարունակուի… Այսօր, այս պահուն այդ համայնքէն այլ բան պահանջելը սխալ է»-«Արեւելք»-ին յայտնեց Ստեփան Դանիէլեանը:  

Ըստ Դանիէլեանի, սփիւռքը եւ Հայաստանը չեն կրնար իրենց մօտեցումները պարտադրել պոլսահայերուն: «Պոլսահայերը հայկական իրականութենէն տարբեր իրողութիւն են, ինչպէս տարբեր են ամէն մէկ երկրի մէջ ապրող հայերը, եւ մեր պետութիւնը պէտք է յատուկ արտաքին քաղաքականութիւն ունենայ թէ՛ Թուրքիոյ մէջ ապրող մեր համայնքի, թէ՛ այլ երկիրներու մէջ ապրող համայնքներու հանդէպ, ինչը չունի: Մարդոց ոչ մէկ բան կը բացատրուի, եւ հոսկէ ալ կը ծագի այն համատարած անգրագիտութիւնը, որ կայ: Լրագրողներուն ալ, եթէ գրագէտ ձեւով բացատրուի, անոնք կը հասկնան եւ այլ մօտեցում կը ցուցաբերեն իրենց հրապարակումներուն մէջ»,-ըսած է մեր զրուցակիցը: Ան վստահ է, որ այդ քաղաքականութեան ներդրումը պիտի ըլլայ ի նպաստ պոլսահայ համայնքին:

«Այսօր Թուրքիոյ հարցով արտաքին քաղաքականութեան մասին խօսիլը ճոխութիւն է, ոչ ոք իրավիճակը կը պատկերացնէ: Ոչ միայն լրագրողները, այլեւ ուրիշ բնագաւառներու մէջ նոյնպէս այդ մօտեցումն է: Ինծի համար Թուրքիոյ հարցի վերաբերեալ առաջնայինը այնտեղ ապրող մեր հայրենակիցներու անվտանգութեան խնդիրն է, ոչ թէ անոնց դրդելը, որ՝ գացէք կռիւի մէջ մտէք իշխանութիւններուն հետ: Ինչո՞ւ երթան»,-տարակուսեցաւ քաղաքական մեկնաբանը, նշելով, որ սխալ է նաեւ Պոլիսը իբրեւ սփիւռք ընկալելը: «Պոլիսը Սփիւռք չէ, այդ մարդիկ իրենց հայրենիքին մէջ, ծննդավայրին մէջ կ'ապրին եւ անոնցմէ ինչ-որ բան պահանջելն ալ սխալ է: Ընդհակառակը, մենք պէտք է անոնց ինչ կրնանք տալ՝ տանք, որպէսզի Պոլսոյ մէջ կրթական, մշակութային նախկին միջավայրը մնայ, համայնքի անդամներու թիւը չպակսի, լեզուն մնայ…  Շատ անգամ ոչ միայն Պոլսէն, այլ նաեւ  Կեսարիայէն եւ այլ վայրերէ Հայաստան կու գան,  այդ մարդոց հետ ալ յատուկ աշխատանք պէտք  է  տարուի: Յաճախ անոնք հայերէն ալ չեն գիտնար, բայց կ'ուզեն վերադառնալ իրենց արմատներուն: Այս ամէն ինչը ներքին եւ արտաքին յստակ քաղաքականութեան հարցեր են, որոնք  մեզ մօտ չկան»,-ըսած է Ստեփան Դանիէլեանը:

 

 

Հարցազրոյցը ՝  «Արեւելք»ի