image

Հայաստանի մէջ «Քովիտ»էն բուժուած թեհրանահայ Վարանդը կը պատմէ իր ապրած փորձառութեան մասին

Հայաստանի մէջ «Քովիտ»էն բուժուած թեհրանահայ  Վարանդը կը  պատմէ իր   ապրած  փորձառութեան  մասին

COVID 19-ը Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս առաջինը յաղթահարած է Իրանէն Հայաստան վերադարձած ՀՀ քաղաքացի Վարանդ Պետրոսեանը: Հիւանդութեան մասին բարձրաձայնուած էր 1 մարտին. յօժար կամքով դիմած էր համապատասխան մարմիններուն, քննութիւն յանձնած ու հաստատուած էր՝ պատասխանը դրական է:

Նորքի վարակաբանական հիւանդանոցին մէջ երկու շաբաթ բուժում ստանալէ ետք մարտի երկրորդ կէսին Վարանդ Պետրոսեանը դուրս ելած էր: Aysor.am-ը անոր հետ զրուցած է «Քորոնա» ժահրի՝ մարդուս  օրկանիզմի վրայ ձգած հնարաւոր հետեւանքներուն եւ յետբուժական ընթացքին մասին:

- Ձեր բուժումէն անցած է արդէն 2 ամիսէն աւելի, ինչպէ՞ս կը զգաք ձեզ, կա՞ն գանգատներ:

Շատ լաւ կը զգամ: Ըսեմ, որ հիւանդ ժամանակ ալ շատ չեմ նեղացած, հիմա ալ վիճակս լաւ է: Չեմ կրնար ըսել, որ մօտս այս կամ այն խնդիրը առաջացած է: Հիւանդանոցէն դուրս գալու ժամանակ ինծի խորհուրդ տուին զգոյշ ըլլամ, որոշ ժամանակ շփումներս սահմանափակեմ: Դուրս գալէ ետք երկու շաբաթ ալ տան մէջ ինքնամեկուսացած եմ: Կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բժիշկներուն, որոնք իսկապէս մեծ աշխատանք  կը տանին հիւանդանոցին մէջ:

 

- Ձեր կնոջ մօտ ալ պատասխանը դրական էր, ա՞ն ալ հիմա լաւ կը զգայ:

Այո, կինս 26 օր մնաց հիւանդանոցը: Ինծի հիւանդանոց տեղափոխելուան զուգահեռ իրեն մեկուսացուցած էին՝ որպէս հիւանդի հետ շփում ունեցող, սկիզբը իր քննութեան պատասխանները բացասական էին: Սակայն այն օրը, երբ իմ քննութիւնը բացասական եկաւ ու ես դուրս ելայ հիւանդանոցէն, իրենը դրական էր ու մեկուսացումէն անցաւ արդէն բուժման փուլ:

 

- Դուք մէկ շաբթուան բացակայութենէն ետք Հայաստան վերադարձաք ու ժամեր անց «Քորոնա» ժահրի կասկածով դիմեցիք բժիշկներուն: Ի՞նչ նախանշաններ կային ձեր մօտ:

Գիշերը ես ինծի լաւ չէի զգար, մարմնի ցաւ ունէի, քիչ մը թոյլ էի: Մտածեցի՝ յանկարծ վարակուած չըլլա՞մ ու որոշեցի զանգել շտապօգնութիւն: Եկան, ջերմութիւնս չափեցին՝ 37,4: Իրենց հետ գացի, քննութիւն յանձնեցի, դրական պատասխան եկաւ:

 

- Նորքի վարակաբանական հիւանդանոցին մէջ անցուցած երկու շաբաթներու ընթացքին յատուկ բուժում կիրառուա՞ծ է, թէ՞ պարզապէս բժիշկներու հսկողութեան տակ էիք: Նաեւ կոկորդի ցաւ, համի եւ հոտի զգացողութեան կորուստ՝ այս ամէնը ձեր մօ՞տ ալ կար: 

Որեւէ յատուկ բուժում չէ կիրառուած, դեղեր չեմ խմած, ներարկումներ չեն եղած: Հիւանդանոցը մնացած էին, որպէսզի ժահրը չտարածենք: Ինչ կը վերաբերի հիւանդութեան ուղեկցող նշաններուն՝ կոկորդի ցաւ չեմ ունեցած, բայց համի ու հոտի կորուստ եղած է: Հիմա ամէն ինչ վերականգնուած է:

 

- Շատերը կ'ըսեն, որ COVID 19-ը կայուն ժահր չէ, մէկանգամեայ ժահրէ ու երկրորդ անգամ չի կրկնուիր, սակայն, այնուամենայնիւ, այդ ապացուցուած փաստ չէ: Դուք կրկնակի վարակուելու մտավախութիւն ունի՞ք, թէ՞ վստահ էք, որ այեւս չէք կրնար դառնալ այդ հիւանդութեան թիրախը:

Կ'ըսեն՝ քիչ մարդիկ կան, որ երկրորդ անգամ կը վարակուին, այդ ալ երեւի բախտի հարց է, չեմ գիտեր: Ամէն պարագայի, ես զգոյշ եմ, բոլոր կանոններուն կը շարունակեմ հետեւիլ, շփումներս սահմանափակ են… Բնականաբար, մտավախութիւն միշտ կայ: Նոյնիսկ հիմա, երբ պահի տակ կը հազամ, կնոջս կ'ըսեմ՝ կրնա՞յ ըլլալ նորէն… ալ չըսեմ, որ ամէն անգամ սովորական կրիփով հիւանդանալու ժամանակ նման մտավախութիւն կ'ըլլայ: Այդ մտավախութիւնը արդէն մեր մէջ մտած է, բայց ոչ այնքան, որ լարուած պահէ ու շատ նեղացնէ: Ինչպէս կ'ըսեն՝ «Քորոնա» ժահրէն ետք կեանք կայ, ու պիտի ապրինք:

 

- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ըսած էր, որ մտադիր է ձեզ պարգեւատրել ցուցաբերած վարքի համար, քանի որ ձեր բարձր գիտակցութեամբ՝ թոյլ չէիք տուած վարակը մէկ այլ մարդու փոխանցուէր: Ձեզի հետ կապ հաստատա՞ծ են, որեւէ պարգեւատրման արժանացա՞ծ էք:

(Ժպտալով) Ճիշդը ըսած՝ դեռ ոչ, բայց միայն խօսքերու ու գնահատականի համար շատ շնորհակալ եմ:

 

- Մարզերէն մէկուն մէջ համագիւղացիներէն ոմանք կոտրած էին «Քորոնա» ժահրով հիւանդացած ու հիւանդանոց տեղափոխուած ընտանիքի տան դարպասները, գրառումներ ըրած էին պատերուն: Հետաքրքիր է՝ հոգեբանօրէն ինչպէ՞ս ազդած է ձեր վրայ «Քորոնա» ժահրը, որքանո՞վ փոխուած են յարաբերութիւնները, կեանքը: Նման խնդիրներու բախուեցա՞ք:

Կեանքը փոխուած է այնքանով, որ կնոջս աշխատանքէն հեռացուցած են ճիշդ այն օրը, երբ գիտցան, որ իմ մօտ «Քորոնա» ժահր հաստատուած է: Ես մեծամասամբ տունը կը մնամ, շփում չեմ ունենար: Երբ նոր դուրս եկած էի հիւանդանոցէն, «Շանթ» հեռուստաընկերութեան կողմէ հիւրընկալուեցայ: Անկէ ետք ոմանք դուրսը ինծի կը ճանչնային, կը մօտենային ու որպիսութիւնս կը հարցնէին: Ամենածիծաղելին այն էր, որ կ'ըսէին՝ «շնորհաւոր, պարոն Ծառուկեանը քեզի մեքենայ տուած է, պարոն Փաշինեանը՝ տուն»:

 

 

Հեղինակ՝ Նելլի Մարգարեան

«Այսօր.ամ»