image

Հայաստանի մէջ կը յայտարարուի ռազմական դրութիւն եւ ընդհանուր զօրահաւաք

Հայաստանի մէջ կը յայտարարուի ռազմական դրութիւն եւ ընդհանուր զօրահաւաք

Հայաստանի մէջ կը յայտարարուի ռազմական դրութիւն եւ ընդհանուր զօրահաւաք։ Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին գրառում կատարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Սիրելի հայրենակիցներ, հիմա կառավարութեան որոշումով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը յայտարարուի ռազմական դրութիւն եւ ընդհանուր զօրահաւաք: Որոշումը ուժի մէջ կը մտնէ հրապարակման պահէն:

Զօրքերուն կցագրուած անձնակազմերուն կոչ կ՝ընեմ ներկայանալու իրենց տարածքային զինուորական կեդրոններ:

Յանուն հայրենիքի, յանուն յաղթանակի»,- գրած է Փաշինեան: