Թուրք իրաւապաշտպան եւ իր հայամէտ կեցուածքներով յայտնի Օրհան Քէմալ Ճէնկիզ, երէկ ձերբակալուած է Պոլսոյ մէջ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն: Կը հաղորդուի նաեւ, որ Ճէնկիզ ձերբակալուած է Պոլսոյ «Աթաթուրք» օդակայանին մէջ, երբ ճամբորդութիւնէ մը յետոյ Թուրքիա կը վերադառնար: 15 Յուլիսին եղած պետական յեղաշրջման ձախող փորձէն ասդին Թուրքիոյ մէջ կառավարական օղակներ մեծածաւալ ձերբակալութիւններու կը ձեռնարկեն: Մեծ թիւ կը կազմէ նաեւ, իրենց պետական կամ կրթական պաշտօններէն հեռացողուողներուն թիւը: Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան երկրին մէջ 3 ամսուան համար «պարէտային ժամ» յայտարարած էր: