image
Հրատապ լուրեր:

Հայաբնակ Քեսապ Գիւղը Մարդասիրական Օգնութիւն Ստացաւ

Հայաբնակ Քեսապ Գիւղը Մարդասիրական Օգնութիւն Ստացաւ

Սուրիոյ Լաթաքիոյ նահանգի Քեսապ հայաբնակ գիւղը, որ կը գտնուի Թուրքիոյ հետ սահմանի վրայ, Ռուսաստանէն ու Սուրիայէն մարդասիրական օգնութիւն ստացած է:

Նախընթաց օր ռուսական երկու օդանաւեր 50 թոն ծանրութեամբ մարդասիրական օգնութիւն հասցուցած էին ռուսական ռազմական խարիսխին: Օգնութիւնը նախատեսուած է այն քաղաքներու եւ գիւղերու համար, որոնք ահաբեկիչներու կողմէ շրջափակման մէջ կը գտնուին: Բացի սննդամթերքէն ու դեղորայքէն, օդանաւերը Սուրիա հասցուցին հագուստ ու դպրոցական իրեր:

 Մարդասիրական օգնութիւն հասցուած է նաեւ Տէր Զօրի բնակիչներուն: