image

ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեան ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացաւ

ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեան ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացաւ

 Համացանցէն իմացանք, որ օրերս աշխատանքային այցով Երեւան գտնուող  Զաւէն Խանճեան ստացած է  Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն։

 

 

 Նշենք, որ  ծնունդով Հալէպցի գործիչը վերջին տարիներուն նշանակուած հայաշխարհի մէջ հոգեւոր եւ կրթական ծաւալուն գործունէութիւն տարածող Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէնի պաշտօնին։

 

 ԱՀԱԸ-ն, որ ունի երկար տարիներու  գործունէութիւն աշխոյժ կերպով կը մասնակցի հայրենակերտումի աշխատանքներուն եւ յատկապէս  Արցախի պատերազմէն ետք մեծ ճիգեր կը գործադրէ Արցախեան աշխարհի մէջ  մեր հայրենակիցներու կեանքը բարելաւելու իմաստով։

 

 «Արեւելք» ջերմօրէն կը շնորհաւորէ մեր թերթի բարեկամ Տիար Զաւէն Խանճեանն ու անոր տիկինը այս ձեռքբերման համար, մաղթելով անոնց յարաճուն  վերելք եւ նոր յաջողութիւններ։