Իսրայէլեան բանակի մամլոյ խօսնակ Աֆէխայ Ատրոհի Դամասկոսի դէմ եղած գրոհին մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ։ Ատրոհի, որ այս մասին դվիթըրեան գառում մը կատարեց, նշեց, որ իսրայէլեան բանակը թիրախ դարձուցած է Սուրիոյ բանակի եւ իրանեան «Երուսաղէմի փաղանգ»ի կարեւոր կեդրոններ։
Ատրոհի նաեւ յայտարարեց, որ թիրախ դարձած են ռազմական պահեստանոցներ, հրթիռային խարիսխներ եւ զինուուորական կեդրոնատեղիներ։
Լուսանկարը՝ Ատրոհիի դվիթըրեան էջէն