image
Հրատապ լուրեր:

«Իշխանութիւնները կը փորձեն սադրանք կազմակերպել Բաղրամեան պողոտայի վրայ» Ընդդիմութեան յայտարարութիւնը

«Իշխանութիւնները կը փորձեն սադրանք  կազմակերպել Բաղրամեան պողոտայի վրայ» Ընդդիմութեան յայտարարութիւնը

 

Իշխանութիւնները կը փորձեն սադրանք կազմակերպել Բաղրամեան պողոտայի վրայ եւ շահարկելով գերիներու ու անյայտ կորսուածներու խնդիրը, անոնց ծնողներու զգացումները՝ որոշ խումբերը կ'ուղղորդեն դէպի Ազգային ժողովի շէնքի դիմաց հաւաքուած քաղաքացիներու մօտ: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է «Հայրենիքի փրկութեան շարժումը»:

 

«Կոչ ենք անում քաղաքացիներին չտրուել սադրանքներին, իսկ ոստիկանութիւնից պահանջում ենք վերահսկել իրավիճակը եւ թոյլ չտալ, որ տեղի ունենան անցանկալի միջադէպեր ու հետեւանքներ: Հակառակ դէպքում այդ հետեւանքների ողջ պատասխանատուն իշխանութիւնն է»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: