image
Հրատապ լուրեր:

Հարիրիի սպանութեան գործով դատական վճիռը մօտալո՞ւտ

Հարիրիի սպանութեան գործով դատական վճիռը մօտալո՞ւտ

«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը յայտնած է, որ ներկայիս Փարիզ գտնուող Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի անկէ Լահէյ պիտի մեկնի, ուր պիտի կայանայ իր հօր` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան գործով դատական նիստը:

Աղբիւրին համաձայն, յառաջիկայ նիստի ժամանակ մեղադրող կողմը հանդէս պիտի գայ մեղադրական ճառով:
Աղբիւրին ձեռք բերած տուեալներուն համաձայն, մեղադրող կողմն իր ճառին մէջ «Հըզպալլա»ի որոշ անդամներու դէմ մեղադրանք պիտի ուղղէ, պնդելով, որ անոնք մասնակցած են Հարիրիի սպանութեան, ի շահ Սուրիոյ կառավարութեան:
«Մուսթաքպալ»ի փոխանցմամբ, յառաջիկայ նիստը եզրափակիչ դատական նիստ պիտի համարուի, սակայն դատավճիռի հրապարակումը կրնայ ամիսներ տեւել: