Երէկ, երկուշաբթի, ֆրանսական «Le Figaro» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր շեշտած է, թէ Հարիրիի կիրակի օրուան հարցազրոյցը առաւել կը հիմնաւորէ լիբանանցի ժողովուրդին մտավախութիւնը, կապուած Սէուտական Արաբիոյ նոր ռազմավարութեան՝ Իրանի եւ «Հըզպալլա»ի դէմ դուրս գալու: Թերթը այս առումով դիտել տուած է, որ «Սէուտական Արաբիոյ խաղացած այս խաղը պիտի տկարացնէ Լիբանանը»:
Լիբանանցի բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը խօսքերը մէջբերելով, թերթը գրած է. «Յստակ է, թէ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմատ Պին Սալման վճռած է մինչեւ վերջ երթալ, սակայն ճիշդ ո՞ւր»:
Թերթին կարծիքով, Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի Սէուտեան Արաբիա կատարած այցը չնպաստեց մտահոգութեան փարատման, մանաւանդ, որ վերջինս այցի աւարտին ոչ մէկ պաշտօնական յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ:
Էլիզէի պալատին փոխանցմամբ, Մաքրոն Աունի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին շեշտած է լիբանանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ազատ տեղաշարժի, ինչպէս նաեւ պետական կառոյցներու անխափան աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը, յանուն երկրի խաղաղութեան:
Ըստ թերթին, այս նոյն Լիբանանի որդեգրած քաղաքականութիւնն է, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ Աուն մերժեց Հարիրիի հրաժարականը, մինչեւ վերջինիս երկիր վերադարձը: Բացի անկէ, Աուն համարեց, որ Հարիրիի կիրակի օրուան հարցազրոյցը արժանահաւատ չէր, որովհետեւ այն կայացաւ «կասկածելի պայմաններ»ու մէջ, եւ շարք մը հեռուստակայաններ հրաման ստացան այն չսփռելու:
Թերթը անդրադարձած է լիբանանցի քաղաքական գործիչներու վերջին օրերուն կատարած այցելութիւններուն, որոնցմէ են Ազգային անվտանգութեան տնօրէնի այցը Ֆրանսայի Արտաքին անվտանգութեան գլխաւոր վարչութեան նախագահին հետ, ինչպէս նաեւ Արտաքին գործոց նախարարի հանդիպումը Ֆրանսայի նախագահին հետ, որմէ կարելի է հետեւցնել, թէ այս տագնապալի իրավիճակին մէջ լիբանանցիք համախմբուած են ու միասնաբար կը փորձեն խնդիրին լուծում տալ, կատարուածը ազգային ինքնութեան դէմ ուղղուած անարգանք համարելով:
«Le Figaro» պատմած է նաեւ, որ կիրակի օր կայացած Պէյրութի մարաթոնը վերածուեցաւ Հարիրիի վերադարձը պահանջող ցոյցի:
Թերթը, վկայակոչելով Լիբանանեան ուսումնասիրութուներու կեդրոնի գործադիր տնօրէն Սամի Աթալլայի խօսքերը, կարծիք յայտնած է, որ նման պայմաններու մէջ լիբանանցիներու միջեւ այս միասնութիւնը չի կրնար երկար տեւել, եւ հաւանաբար օրերս ականատես ըլլանք Հարիրիներու իշխանութեան անկման ու սուննիներու տկարացման, սակայն Մուհամմատ Պին Սալման շատ արագ նոր համախոհներ պիտի գտնէ «Հըզպալլա»ի եւ Իրանի դէմ իր պայքարը շարունակելու համար: