image

Հանրային հեռուստաընկերութեան գործադիր տնօրէնը աշխատանքէն ազատման դիմում ներկայացուցած է

Հանրային հեռուստաընկերութեան գործադիր տնօրէնը աշխատանքէն ազատման դիմում ներկայացուցած է

Հանրային հեռուստաընկերութեան գործադիր տնօրէն Մարկարիթա Գրիգորեանն աշխատանքէն ազատման դիմում ներկայացուցած է, նշելով, որ իր համար անընդունելի է ՀՀ վարչապետի՝ եթերէն առաջ տեսագրուած քատրերու հրապարակումը, եւ անկեղծօրէն վրդովուած է գործընկերային, բարոյական սկզբունքներու խախտման աժան այս քայլէն։

Այս մասին նշուած է Մարկարիթա Գրիգորեանի պաշտօնական յայտարարութեան մէջ։

«Ես անձամբ տարիներ շարունակ ենթարկուած եմ նմանօրինակ մետիագրոհներու եւ կը հասկնամ` ինչ կը նշանակէ թիկունքէն հասցուած հարուածը։ Կը ցաւիմ կատարուածի համար։ Երկրի համար կարեւորագոյն այս շրջանին, Հանրային հեռուստաընկերութեան զարգացման այս փուլին աններելի է նմանատիպ մետիավանտալիզմը։ Ես պատասխանատու եղած եմ տուեալ շրջանին իրականացուած բազմաթիւ հանրային միջոցառումներու, տօնակատարութիւններու, արտակարգ միացումներու համար, բաժնեկցած եմ իմ աշխատակիցներու հետ շնորհակալութեան եւ գովեստի խօսքերը։ Հիմա ալ կը կիսեմ կատարուածի պատասխանատւութիւնը՝ ներկայացնելով աշխատանքէն ազատման իմ դիմումը»,– գրած է Գրիգորեանը։

Նշենք, որ 17 Ապրիլին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը «Քորոնա» ժահրի թեմայով ուղերձ յղեց ժողովուրդին, իսկ 18 ապրիլին համացանցի մէջ յայտնուեցան ուղերձի նախապատրաստական փուլէն մինչեւ ուղիղ եթեր մտնելու քատրերը։