image
Հրատապ լուրեր:

Համաշխարհային մօտեցում հայկական խնդրին

Համաշխարհային  մօտեցում հայկական խնդրին

«Ավրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէյեանը Նիւ Եորքի մէջ ներկայացուց «Գլոբալ հայեր» նախաձեռնութեան գաղափարը՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան 110-ամեակի եռօրեայ միջոցառումներու ընթացքին: Բանախօսութիւնը տեղի ունեցաւ 28 հոկտեմբերին՝ «Դառնալով կլոպալ հայեր. մէկ քայլ առաջ» քննարկման ընթացքում: Նախաձեռնութեան մասին Նուպար Աֆէյեանը զրուցել է նաեւ Պոսթոնի հայկական Mirror Spectator պարբերականի հետ: յօդուածը ներկայացնում ենք ձեր ուշադրութեանը:

Հեղինակ՝ Ալին Գրեգորեան ըսաւ նոր շարժում, որ կու գայ վերափոխելու այն ձեւը, որով հայերը կ′ընկալեն իրենք իրենց, եւ որուն մէջ հայութիւնը կը կարենայ աշխարհով մէկ ձեռք ձեռքի տալ՝ փոխօգնութեան նոր ցանց մը ձեւաւորելով Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ։

 

«Կլոպալ հայեր» (Global Armenians) շարժման մեկնարկը տրուեցաւ «Նիւ Եորք Թայմզ» եւ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթերուն մէջ զետեղուած ու ամբողջ էջ մը զբաղեցնող ծաւալուն յայտարարութիւններու միջոցով, որոնց հրապարակման օրը ընտրուած էր այնպէս, որ համընկնի Նիւ Եորքի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան 110-ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն հետ։

 

Յայտարարութիւնը ստորագրողներու կարգին կը պատկանին Ռուբէն Վարդանեանը, Նուպար Աֆէյեանը, Վարդան Գրեգորեանը, Շառլ Ազնաւուրը, լորտ Արա Տարզին, դեսպան Էտուարտ Ճերեճեանը, Տիգրան Թեւրիզեանը, Սամուէլ Կարապետեանը եւ Սալբի Ղազարեանը։

 

31 հոկտեմբերին իր հարցազրոյցին մէջ Աֆէյեանը նշեց, որ պարբերականներու ընտրութիւնը կ′արտացոլէ ինչպէս աշխարհը, այնպէս ալ Երեւանը՝ որպէս հայկական աշխարհի մայրաքաղաք։ «Նախաձեռնութեան հիմքում մէկ աշխարհի գաղափարն է։ Ըստ էութեան՝ մենք շեշտում ենք, որ եկել է այլ կերպ մտածելու ժամանակը», - ըսաւ ան։ «Ո՞րն է միւս քայլը։ Մենք այժմ սկսում ենք լայն քննարկումների շրջան, եւ ես չեմ կարող լիարժէք կանխատեսել դրանց ելքը»։

 

(Բանախօսը ընդգծեց նաեւ, որ ՀԲԸՄ-ը չէ ֆինանսաւորած եւ չէ աջակցած արշաւին)։

 

Ըստ յայտարարութեան՝ «Կլոպալ հայեր» շարժումը «Հայկական աշխարհին նոր հնարաւորութիւն է տալիս շարժուելու բարօրութեամբ լի ապագայի ուղղութեամբ եւ վերափոխելու յետխորհրդային Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ համաշխարհային ազգի կենսունակ ու եռանդուն, արդիական, անվտանգ, խաղաղ եւ առաջադէմ հայրենիքի»։

 

«Հայութեան համար սա ոչ միայն Ցեղասպանութիւնը վերապրելու, այլեւ վերականգնուելու եւ զարգանալու հնարաւորութիւն է»։

 

«Սա Հայաստանին թոյլ կը տայ ապահովել սոցիալական եւ տնտեսական երկարամեայ զարգացում, ինչպէս մեր այսօրուայ քաղաքացիների, այնպէս էլ մեր երեխաների եւ համաշխարհային մեր ազգի ապագայի համար»։

 

Հիմնական միտքն այն է, որ մարդիկ սկսին աշխատիլ գործող կազմակերպութիւններու ցանցին մէջ, որոնք ինչպէս Հայաստանի մէջ այնպէս ալ Սփիւռքի մէջ ունին մեծ տարածում եւ հարուստ միջոցներ։ Այդպիսիներէն են, օրինակ, ՀԲԸՄ-ը կամ «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամը (IDeA)։ Երկուքն ալ կրնան վերածուիլ «ինքնութեան, մշակոյթի ու բարօրութեան ընդգրկուն հարթակների»։

 

IDeA բարեգործական հիմնադրամը հիմնադրուած է իբրեւ հարթակ այնպիսի ծրագրերու աջակցութեան եւ իրականացման համար, որոնք ունակ են օժանդակելու Հայաստանին գոյատեւման ձեւէն բարօրութեան ձեւի անցման գործին։ Հիմնադրամի օգնութեամբ իրականացուած նախաձեռնութիւններէնեն Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ տաճարի վերականգնումը, «Տաթեւի վերածնունդը» (Տաթեւեր), «Ավրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը եւ UWC Դիլիջան քոլէճը։

 

«Կլոպալ հայեր» նախաձեռնութիւնը, ըստ Աֆէյեանի, կարող է վերածուիլ «բազմաթիի աղբիւրների միջոցով իրագործւոող նախագծերի իւրօրինակ մի հարթակի», որուն կրնան օժանդակել ամբողջ հայութիւնը, եւ ոչ միայն տնտեսական միջոցներով, այլեւ կամաւորութեամբ։ «Մենք ցանկանում ենք, որ այն լինի ընդգրկուն։ Մեզ անհրաժեշտ են բոլորի գաղափարները»,– յատուկ ընդգծեց ան։

 

Աֆէյեան ըսաւ նաեւ, որ հիմնական միտքը կը ծագի «Հայաստան-2020» նախաձեռնութենէ՝ նախագիծ, որը ստեղծուած էր ոչ մէկ մեծ խումբի կողմէ՝ ներառեալ նաեւ սոյն յայտարարութիւնը ստորագրած Ռուբէն Վարդանեանը: Այն կ′իրականացուէր 2001-2008 թուականներուն ընթացքին՝ Հայաստանի կառավարութեան հետ համատեղ։ Ըստ Աֆէյեանի՝ գաղափարը առաջ քաշուած էր 2005 թուականին, իսկ վերագործարկման մասին քննարկումները վերսկսած էին անցեալ տարի։ Ան շեշտեց, որ ոչ ինքը, ոչ ալ միւս ստորագրողները, որոնց թիւը այժմ կ′անցնի 30 հոգիէն, պիտի չի թելադրեն նախաձեռնութեան ընելիքները։

 

Նոր մօտեցումը այն է, որ սփիւռքահայ կամ հայաստանաբնակ հայ ըլլալու փոխարէն՝ «իւրաքանչիւրս դառնայ համաշխարհային՝ կլոպալ հայ»՝ բառիս ընդլայնուած սահմանմամբ։ «Իբրեւ պոսթոնահայի՝ իմ սահմանումն անչափ նեղ է ու կաշկանդող։ Երբ մենք որեւէ խնդիր ենք տեսնում Սիրիայում կամ Հայաստանում, տեսնում ենք պայծառ ապագայից զրկուած երեխաների, դա պէտք է դառնայ նաեւ օգնութեան ձեռք մեկնելու ընդհանուր պատասխանատուութեան իմ բաժինը»։

 

Ըստ Աֆէյեանի՝ փողը միակ որոշիչ գործօնը չէ։ «Կարեւորը մտայնութիւնն է։ Երկար ժամանակ է պահանջուելու մարդու տաղանդը, ժամանակը, փորձառութիւնն ու նուիրումը աշխարհում հայ ազգի բարօրութեան առաջխաղացմանը ծառայեցնելու համար»։ 

 

Բանախօսը յոյս յայտնեց, որ աւելի շատ կանայք եւ երիտասարդներ կը դառնան այս ծրագրի մասը։

 

Մեկնարկը կը փորձէ «ծառայել իբրեւ ազդակ, որպէսզի մարդիկ սկսեն մտածել մեր «խաղը» նոր մակարդակի բարձրացնելու մասին, եւ գիտակցեն, որ բոլորս միեւնոյնն ենք»։

 

Իբր արդիւնք, հայութիւնը կը դառնայ ցանցի մաս մը, որ անհամեմատ աւելի արդիւնաւէտ կը դարձնէ հաւաքական նախաձեռնութիւններու առաջքաշումն ու իրագործումը։ «Մենք խօսում ենք համագործակցութեան մասին, սակայն նպատակաուղղուած կերպով գրեթէ երբեք չենք գնում հաւաքական քայլերի»,– ըսաւ Աֆէյեանը։

 

Խումբի տարածած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ Ռուբէն Վարդանեան ըսաւ. «Յաջողելու համար Հայաստանին հարկաւոր է աշխարհասփիւռ համայնքի աջակցութիւնը։ Թէեւ տարբեր խմբերի կողմից երկարամեայ յաջողութեամբ արդէն իրագործուում են բազմաթիւ ծրագրեր, որոնք որոշակի ազդեցութիւն են թողնում Հայաստանում եւ Սփիւռքում, միեւնոյն է՝ հսկայական անելիք կայ դեռ։ Մենք խնդրում ենք բոլոր հայերին, որպէսզի միանան մեզ՝ զարգացնելու մեր երկրի մշակոյթն ու ենթակառուցուածքները եւ առաջ մղելու Հայաստանը դէպի յաջողակ ու կայուն ապագայ»։

 

Մասնաւորապէս, ներկայիս դժուար խնդիրներու առջեւ կանգնեցաւ սուրիահայ համայնքը։ 

 

«Յաջորդող շաբաթներին եւ ամիսներին մենք նախաձեռնելու են լայն քննարկումներ։ Սա երկարաժամկէտ նախագիծ է»,– նշեց Աֆէյեանը եւ աւելցուց, որ «Հայաստանեան ճակատում լուրջ մարտահրաւէրներ կան»։ Ան յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը, յանձինս վարչապետ Կարէն Կարապետեանի, դրական փոփոխութիւններ կը կատարէ երկրին մէջ։

 

«[Հայաստանին] սպասուում է բաւական դժուարին ճանապարհ։ Գոյութիւն ունի իւրահատուկ մարտահրաւէրների մի ամբողջ շարք, քանի որ երկիրը չունի սեփական ռազմավարական ծրագիր»,– ըսաւ Աֆէյեանը։ «Նրանք պէտք է կայունացնեն իրավիճակը եւ կառավարեն ճգնաժամը, սակայն միեւնոյն ժամանակ պէտք է այդ նոյն ճգնաժամից դուրս գալու քայլ կատարեն եւ սկսեն ծրագրել ապագային նայելով»։

 

Հաւաքական գործունէութեան միտքը բաւականին օտար է հայութեան համար, քանի որ շատերը կան, որ կը հասնին անհատական մեծ յաջողութիւններու, սակայն պարտադիր չէ՝ որպէս խումբի անդամ։

 

Ըստ Աֆէյեանի՝ «Այս իրավիճակը պատճառն այն է, որ մենք գոյատեւման բազմադարեայ ձեւի արդիւնք ենք։ Իւրաքանչիւրը կը հոգար սեփական խնդիրները, որպէսզի կարենար յաղթահարել իր առջեւ ծառացած գոյութենական մարտահրաւէրները։ Վերջին դարու գոյատեւումն ու գոյապահպանութիւնը զարգացումէն տարբերուող հասկացութիւններ են»։ Այժմ անհրաժեշտ է որդեգրել նոր աշխարհայեացք, քանի որ աշխարհասփիւռ մեր համայնքները յայտնուեցան միանգամայն տարբեր իրավիճակներու մէջ։

 

Կաշառարերութիւնը եւս հիմնախնդիր է, որ ի յայտ կու գայ իւրաքանչիւր անգամ, երբ կը քննարկուի Հայաստան կատարուելիք ներդրումներու հարցը։ Ըստ Աֆէյեանի՝ աւելի յարմար կ′ըլլայ գործակցիլ եղած կառոյցներու հետ, որոնք «տարեկան 50-100 միլիոն ԱՄՆ տոլար են ներդնում՝ շրջանցելով այդ ամէնը»։ Դրանցից են, ըստ բանախօսի, ԹՈՒՄՈ-ն, IDeA-ն, եկեղեցին, ՀԲԸՄ-ը, «Հայաստանի երեխաներ» հիմնադրամը, «Հայաստան Ծառատունկ» ծրագիրը եւայլն։

 

Հետադարձ հայեացք ձգելով «Հայաստան-2020» նախագծին՝ Աֆէյեան ըսաւ, որ աշխարհասփիւռ հայութիւնը պէտք է մտածէ այն առաջնահերթութիւններու մասին, որոնք հարկաւոր է իրագործել։ «Պէտք է ուսումնասիրել նախագիծերը, հասկանալ, թէ որոնք են անհրաժեշտ դարձնել ներդրումային սեկտորներ»։

 

Աֆէյեանը նշեց, որ «Կլոպալ հայեր» նախաձեռնութեան համար իբրեւ օրինակ ծառայած են սկովտիական (GlobalScot), սինկաբուրեան եւ հրէական ձեւերը։ Այլ երկիրներէ Հայաստանի փոխառած յաջող օրինակներէն է «Լոյս» հիմնադրամը, որ Հայաստանի ուսանողներուն կ′օգնէ մեկնիլ արտասահմանի լաւագոյն համալսարաններուն մէջ ուսանելու, ապա՝ վերադառնալու եւ ծառայելու հայրենիքին։

 

Ներկայիս կը մշակուի հանրային հանդիպումներու ընթացիկ ժամանակացոյցը։ Քննարկումներու փուլի աւարտին հանրութեան կը ներկայացուի նաեւ նախաձեռնութեան կայքը։