image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպը առաջուանը չէ այլեւս... Արմէն Խորոզեան

Հալէպը  առաջուանը չէ այլեւս... Արմէն Խորոզեան

Արմէն Խորոզեանը    Երեւանի մէջ երաժշտական կրթութիւն ստացած       հալէպահայ է:  Ան  Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով    ներկայիս  կ'ապրի   Երեւանի մէջ:   Հայ երգարուեստի  եւ երաժշտութեան հանդէպ   սէր  ունեցող Արմէնի    Հայաստան   հաստատուելու    որոշումը    ցարդ  չէ վերջանականացած    պարզ այն պատճառով, որ   Արմէնի կինն ու դուստրը    մինչեւ այս պահը  կը շարունակեն ապրիլ   Հալէպի մէջ: 

Խորոզեան  վերջերս  ելոյթ ունեցաւ  «Թէքէեան մշակութային միութեան»    ամէնամեայ   մրցանակաբաշխութեան հանդիսութեան ընթացքին  ու այս առթիւ

  «Արեւելք»    կարճ  զրոյց մը  ունեցաւ հալէպահայ մեր հայրենակիցին հետ, որը  կը ներկայացնենք   ստորեւ:

 

Պրն. Խորոզեան, ի՞նչ առիթով Հայաստան եկած էք:

Ես անցեալ տարուընէ  ի վեր  Հայաստան եմ:  Գիտէք, Հալէպ պատերազմ էր, տղաս ալ երբ պաքալորիան (երկրորդականը) աւարտեց եւ ուսումը ուզեց շարունակել, ըսի միայն մէկ ճար կայ. Հայաստան պէտք է երթանք: Այս որոշումը առի, որովհետեւ Հալէպ, ուսման մակարդակը նոյնը չմնաց:  Անկեղծօրէն   բոլոր լաւ մասնագէտները եւ   դասախօսները   պատերազմին հետեւանքով Հալէպէն  պարտադրաբար հեռացան: 

Մէկ տարի է, որ    հոս ենք, բայց ամբողջովին հոս հաստատուած չենք, որովհետեւ  կինս եւ աղջիկս Հալէպ են:  Կինս Հալէպի  համալսարանէն ներս  pate logic  (տրամաբանութիւն) կը դասաւանդէ:  Վերջերս ալ հոն նոր օրէնք մը հաստատեցին`  գործդ կը կորսնցնես եթէ 15 օր բացակայիս:  Ինքն ալ չուզէր գործը ձգել եւ հոս գալ: Եթէ որոշէ հոս գալ, ապա ամէն ինչ պէտք է մոռնայ:   Նոյն ատեն աղջիկս ալ դպրոցական է`  10-րդ դասարանի աշակերտուհի  ու  հոն դպրոց կը  յաճախէ:

 

Հալէպէն ի՞նչ լուրեր կ’առնէք:

Հիմա լաւ է: Յունուարին, երբ զինեալները դուրս   եկան, վիճակը լաւացաւ: Հիմա  աւելի ապահով է, բայց տնտեսական  վիճակը լաւ չէ` ելեկտրականութիւն , ջուր, աշխատանքի պայմաններ չկան եւ  ամէն ինչ թանկացաւ:

Ի՞նչ կը կարծէք: Հոն մնացող ժողովուրդը   պիտի  շարունակէ՞ Հալէպ ապրիլ:

Նայած ամէն մէկուն պայմանը ինչ է: Հիմա ես կը նախընտրեմ Հայաստան գալ, որովհետեւ իմաստ չունի հոն մնալը: Հալէպը նոյնը չմնաց` ժողովուրդը, միջավայրը ...  ամէն ինչ փոխուեցաւ: Հալէպը մեր գիտցած Հալէպը չէ  այլեւս  եւ չեմ ալ կարծեր, որ  ետ նոյնը դառնայ:

Ես հոն կ’աշխատէի,    եւ  հիմնած էի  գործարան մը:  Cosmetics` մազի shampoo եւ jell կ’արտադրէի: Ճի՛շդ է, պատերազմի ընթացքին չվնասուեցայ, բայց հինգ տարիէ ի վեր  գործս  գրեթէ  դադրած է:

Չէ՞ք կարծեր, որ հոս ապրող հայութիւնը  Հալէպ կը վերադառնայ:

Խնդիրը անհատական է: Կապուած է անձի հետ: Այն անձը, որ կը սիրէ արուեստը, sport–ը, զարգացումը, եւ որոշ ժամանակ Հայաստան ապրած է՝ չի վերադառնար, որովհետեւ Հալէպ սահմանափակ է այդ բոլորը: Այսինքն, հոն տեղ մը կը հասնիս եւ   ալ  յառաջընթաց չկայ:  Իսկ Հայաստանի մէջ զարգացման մեծ   յոյսեր կան:   Այս խօսքը չեմ կարծեր բոլորը ընդունին, բայց այն մարդը, որ  Խորհրդային Միութիւնը տեսած է, թերեւս`ընդունի:

Հոս ինչպէ՞ս կ’ապրիք:

Կը փորձեմ իմ գործս հոս հիմնել, բայց Հայաստանի մէջ շատ դժուար է եւ տակաւին իմ օրապահիկս չեմ կրնար ապահովել: Նոյնիսկ վարձով կ’ապրիմ:

Իսկ եթէ չկրնաք, ի՞նչ  կը մտածէք ընել:   մեր հայրենակիցներէն շատերը   առանց ուզելու  կը հեռանան Հայաստանէն Մերթան  կու գան: Կը մտածէ՞ք   այլ երկիր երթալ:

Չէ՛, չէ՛, չեմ երթար: Համոզուած եմ, որ ասի մեր հողն է եւ հոս պիտի հաստատուինք:   Զաւակս հոս դեղագործութիւն կ’ուսանի: Շատ գոհ եւ ուրախ է:

Չէ՞ք մտածեր հոս երգարուեստի ասպարէզի մէջ մտնել:

Իրականութեան մէջ, կը մտածեմ:  Նոյնիսկ հիմա Երուանդ Երզնկեանի հետ փորձեր կ’ընենք, եւ  թերեւս համերգներու մասնակցինք: Հալէպ, տարբեր առիթներուն,  միշտ ալ երգած եմ, իսկ   Խորհրդային  տարիներուն`  (1986-1991), հոս ուսանած եմ եւ ձայնս մարզած եմ `  Պետական Երաժշտանոցին մէջ եւ այդ ժամանակ ծանօթացած  եմ մայսթրօ  Երուանդ Երզնկեանին եւ    Պետական Օբերայի ներկայիս ղեկավար  Պրն.  Կոնստանթին Օրբելեանին  հետ, նոյնիսկ միասին համերգներ տուած ենք: Ուսանողական տարիներէն  կու գայ մեր բարեկամութիւնը: Անշուշտ   այս    տաղանդաւոր մարդոց շատ բան կը   պարտիմ  ու վստահ եմ, որ մօտիկ ապագային ալ       պիտի կարողանամ     բեմ  բարձրանալ   ու   ձայնս լսելի դարձնել Հայաստանի երաժշտասէր հասարակութեան:

 

 

      Հարցազրոյցը ՝ Ս. Ա.ի