image
Հրատապ լուրեր:

Ափսոս, որ Հայաստանի մէջ պաշտպանութիւն կը փնտռեն uպառնալիքի անմիջական աղբիւրի մօտ. Շոյկու

Ափսոս, որ Հայաստանի մէջ պաշտպանութիւն կը փնտռեն uպառնալիքի անմիջական աղբիւրի մօտ. Շոյկու

Սպառնալիքի աղբիւրին մօտ հովանաւորութիւն գտնելու Երեւանի ցանկութիւնը ափսոսանք կ՚առաջացնէ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուն՝ ՀԱՊԿ անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու կոմիտէի նիստին։

«Խնդիրները շատ են, եւ զանոնք միասին լուծելը շատ աւելի արդիւնաւէտ է։ Ափսոս, որ կազմակերպութեան մեր հայ գործընկերները ասիկա չեն հասկնար եւ պաշտպանութիւն կը փնտռեն սպառնալիքի անմիջական աղբիւրին մօտ»,- ըսած է ան։

 

«Ատիկա Հայաստանի ղեկավարութեան ընտրութիւնն է եւ անոր պատասխանատուութիւնը՝ սեփական երկրի ու ժողովուրդի ապագային հանդէպ»,- աւելցուցած է Շոյկուն։

Հայաստանը պէտք է ընտրէ իր ժողովուրդին համընթաց ուղին

Հայաստանը պէտք է ընտրէ այն գնացքը, որ համընթաց է երկրի եւ ժողովուրդի ճանապարհին։ Այս մասին եւս յայտարարած է Շոյկուն։

«Կուպերմանի այսպիսի յայտնի բանաստեղծութիւնը կայ․ «Հնարաւոր չէ նոյն տեղը նստիլ տարբեր գնացքներու մէջ»»,- ըսած է Շոյկուն՝ պատասխանելով լրագրողներու հարցին՝ ՀԱՊԿ-ին Հայաստանի անդամակցութեան եւ եւրոպական համարկման ծրագիրներու մասին։

«Ուստի պէտք է ինչ-որ կերպ, այնուամենայնիւ, ընտրել այն գնացքը, որ քեզի համընթաց է։ Համընթաց է քու երկրիդ ճանապարհին, համընթաց է քու ժողովուրդիդ ճանապարհին»,- խորհուրդ տուած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը։

Ան ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստի վրայ, որ Հայաստանը տակաւին կը մնայ ՀԱՊԿ-ի անդամ, սակայն կազմակերպութեան անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու կոմիտէի այսօրուան նիստը դարձեալ անցած է առանց Երեւանի ներկայացուցիչներու մասնակցութեան։