Սուրիոյ մէջ յաւելեալ զինուորական լարում կը սպասուի: Այս մասին դիտարկում կատարած են Սուրիոյ պատերազմին հետեւող մէկէ աւելի դէտեր: Աղբիւրները կը յայտնեն, որ Սուրիոյ վերաբերեալ եղած ռուս-ամերիկեան նախնական համաձայնութեան ձախողումէն ասդին, սպասելի է, որ գետնի վրայ զինուորական յաւելեալ թէժացում նկատուի: Ըստ Ռուսիոյ ԱԳ նախարար Սէրկէյ Լավրովին, Մոսկուա-Ուաշինկթըն գործակցութեան սառեցումը աւելիով պիտի բարդացնէ Սուրիոյ ընդհանուր իրադրութիւնը: Լավրով նաեւ ըսած է, որ ամերիկեան կարգ մը կողմեր մեծ ճիգ իրականացուցած են՝ ձախողութեան մատնելու այդ բանակցութիւնները: Սուրիոյ հարցով Ամերիկայի կեցուածքներուն հետեւող դիտորդներու, Ամերիկա կարեւոր ճիգեր կ'իրականացնէ «Ալ Նուրա» ճակատի մէկէ աւելի պատասխանատուներու հետ բանակցութիւններ վարելով: Դիտորդը նաեւ ըսած է, որ յառաջիկայ հանգրուանին Սուրիոյ մէջ Ամերիկայի հիմնական «վազող ձին» պիտի դառնայ «Ալ Նուսրա» ճակատը: Յիշեցնենք, որ իրենք իրենց «ընդդիմադիր» անունը տուող ահաբեկիչ ջոկատներ քանի մը օր առաջ «Ռօյթըրզ»ին խօսելով ըսած էին, թէ ստացած են գերարդիական հակթանկային հրթիռներ առանց նշելով այդ հրթիռներուն աղբիւրը: Գալով Սուրիոյ մէջ այսօր տիրող ընդհանուր իրադրութեան եւ ըստ միջազգային լրահոսին երեւելի կը դառնայ, որ Սուրիոյ բանակը եւ յատկապէս Հալէպի տարբեր արուարձաններուն մէջ յստակ առաւելութիւն մը գրանցած է: Տեղին է յայտնել, որ մինչեւ այս պահը թէժ մարտեր կը մղուին «Պոսթան ալ փաշա» շրջանին մէջ, ուր բանակը վճռած է ամբողջ այդ շրջանը իր տիրապետութեան տակ առնել: