Այսօր առաւօտ, Հալէպի «Մընպեճ» շրջանէն՝ 31 զինեալ ընդդիմադիր յանձնուեցան կառավարութեան:
Կառավարութենէն պատասխանատուներ նշեցին որ այս պատահածը շատ մեծ նշանականութիւն ունի Սուրիոյ բանակին յառաջացումին համար:
Սուրիոյ իշխող «Պաաս» կուսակցութեան խօսնակը շեշտեց պատերազմող խումբերու հաշտութեան կարեւորութիւնը եւ բացայայտօրէն խոստացաւ օրինական եւ իրաւական դիւրութիւններ տրամադրել բոլոր զինեալներուն, որոնք կ’ուզեն յանձնել իրենց զէնքերը եւ վերադառնալ իրենց սովորական կեանքին: