image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի արեւելեան շրջաններու պատերազմը դէպի թէժացում

Հալէպի արեւելեան շրջաններու պատերազմը դէպի թէժացում

Սուրիական բանակը իր դաշնակիցներուն հետ, յաջողած է յառաջանալ Հալէպի արեւելեան թաղամասերը, որոնք կը գտնուէին ընդդիմադիրներու տիրապետութեան տակ: Սակայն, ռազմական այս  զարգացումը, միջազգային հասարակութեան մտահոգութիւն պատճառած է պաշարուած քաղաքացիներուն նկատմամբ: ՄԱԿ-ի մարդկային օժանդակութիւնները կարգաւորող՝ Սթիվըն Օպրայն, յայարարած է, թէ «մօտաւորապէս մէկ միլիոն սուրիացի պաշարուած են»: ՄԱԿ-ի Բրիտանիոյ դեսպան՝ Մաթիու Ռայքրօֆթ, արեւելեան Հալէպի ռմբակոծումը «բարբարոսական» անուանած է. մինչ իր ֆրանսացի պաշտօնակիցը, զայն կոչած է «Որեւէ գնով, Հալէպի վերատիրացման ռազմավարական պատերազմ»:Իր կարգին, ԱՄՆ դեսպան՝ Սամանթա Փաուր, 12 սուրիացի զօրապետի եւ փոխ գնդապետի ամբաստանած է քաղաքացիական կեդրոններ թիրախ դարձնելու եւ ընդդիմադիրներու չարչարելու մեղադրանքներով: 

Ընդդիմադիր «Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտարան» կայքի  տնօրէն՝ Ռամի Ապտըլ Ռահման «Ֆրանս Փրէս» գործակալութեան յայտնած է, թէ «թէժ բախումներ տեղի ունեցած են երկու կողմերուն միջեւ, Մասաքէն Հանանոյի արեւելեան շրջանին մէջ»:Ան աւելցուցած է, որ այս թաղամասը խորհրդանշական մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, նկատի ունենալով, որ ընդդիմադիր խմբաւորումներուն գրաւած Հալէպի առաջին թաղամասն էր:Սուրիական «Ալ Ուաթան» օրաթերթը, զինուորական մասնագէտներու կարծիքները փոխանցելով, յայտնած է, թէ «Մասաքէն Հանանոյի ամբողջական վերատիրացումը, ինքնաբերաբար կը նշանակէ Ալինզարաթ, Ալհայտարիէ եւ Արտ Ալ համրայի անկումը»:Վերլուծաբաններ հաստատած են, թէ Հալէպի պատերազմը «ճակատարական պատերազմ է», որուն արդիւնքով կ′որոշուի Սուրիոյ 5 տարուան շարունակական պայքարը, որուն զոհ դարձած են աւելի քան 300 հազար նահատակ:

ԱՄՆ նախագահ՝ Պարաք Օպամա, յուսահատութիւն յայտնած է, Սուրիոյ իրավիճակին նկատմամբ, ան ըսած է. « Ասատի՝ բարբարոսական արշաւին, Ռուսիոյ եւ Իրանի քաջալերական որոշումէն ետք, դժուար է գտնել ձեւ մը, որ չափաւոր ընդդիմադրութիւնը պահպանէ Հալէպի՝ իր դիրքերը երկար ժամանակ»: Սուրիոյ միջազգային յատուկ դեսպան՝ Սթէֆան  տէ Միսթորա զգուշացնելով , դիտել տուած է, թէ «Ծնդդեան տօնին ընդառաջ եւ զինուորական գործողութիւններու թէժացմամբ, Հալէպի արեւելեան թաղամասերը կրնան աւելի վատթարանալ եւ անկէ մօտ 200 հազար գաղթական կրնան ուղղուիլ Թուրքիա, այն ինչ մարդկային աղէտ կը պատճառէ»:

Յայտնենք, թէ Դամասկոս մերժած է տէ Մեսթորայի առաջարկը, արեւելեան թաղամասերը ընդդիմադիրներու «ինքնավար» շրջան  դարձնելու վերաբերեալ:Սուրիոյ  ԱԳ նարարար ՝ Ոիալիտ Ալմուալէմ Տէ Մեսթորայի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է. «Մենք այս մէկը բացարձակապէս կը մերժենք: Մենք համաձայնած ենք Հալէպի արեւելքը ազատել ահաբեկիչներէն: Տրամաբանական չէ, որ մեր քաղաքացիներէն 275-ը պատանդներ մնան 5-6-7-8 հազար զինեալներու»: 


Լուրի աղբիւր ՝ «Ալ Քուտս», «ԱՖՓ», «Ռյյթըրզ»