Ուզպեքստան 2027 թուականէն սկսեալ պիտի ստանձնէ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան նախագահութիւնը։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» գործակալութիւնը, այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը։
«Այսօր որոշում առնուեցաւ, որ յաջորդ տարուան Յունուար 1-էն սկսեալ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան նախագահութեան հերթափոխը փոխանցուի Ուզպեքստանին։ Կ՚ուզեմ յաջողութիւն մաղթել Շաւքաթ Միրմոմոնի Միրզիյոեւին՝ այս կարեւոր առաքելութեան իրականացման մէջ», ըսած է Փութին՝ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներու նեղ կազմով հանդիպման ընթացքին։
Ան Ուզպեքստանի նախագահին վստահեցուցած է, որ «ուզպէք բարեկամները կրնան Ռուսիայէն ամէն տեսակի աջակցութիւն ակնկալել»։