image
Հրատապ լուրեր:

«Հասել ենք անհնարինի, եւ մեզ անհրաժեշտ է ամէն օր հոգ տանել ձեռք բերուած խաղաղութեան մասին»․ Նիկոլ Փաշինեան

«Հասել ենք անհնարինի, եւ մեզ անհրաժեշտ է ամէն օր հոգ տանել ձեռք բերուած խաղաղութեան մասին»․ Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը կայացած փաստ է, իսկ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման համաձայնագրի բնագիրը նախաստորագրուած է 2025 Օգոստոս 8-ին, Ուաշինկթընի Սպիտակ տան մէջ՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կազմակերպած գագաթաժողովին ընթացքին։ Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) գագաթաժողովին ունեցած իր ելոյթին ընթացքին։

 

Վարչապետին համաձայն՝ համաձայնագիրին նախաբանին մէջ յղում կը կատարուի 1991 Դեկտեմբեր 21-ի Ալմա-Աթայի հռչակագիրին, իսկ առաջին եւ երկրորդ յօդուածներով կողմերը կը ճանչնան զիրար ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը եւ քաղաքական անկախութիւնը, ինչպէս նաեւ կը հաստատեն, թէ չունին եւ հետագային եւս տարածքային պահանջներ պիտի չներկայացնեն։ Փաշինեան ընդգծած է, որ Ալմա-Աթայի հռչակագիրը հիմք կը հանդիսանայ նաեւ պետական սահմանին սահմանազատման գործընթացին համար, ինչ որ արձանագրուած է 2024-ին ստորագրուած եւ վաւերացուած՝ սահմանազատման յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան կանոնակարգին մէջ։

«Եթէ նայենք այս տեսանկիւնից, ապա Ադրբեջանի նախագահի հետ եւ մեր միջազգային գործընկերների օգնութեամբ մենք հասել ենք անհնարինին, եւ մենք պէտք է ամէն օր հոգ տանենք ձեռք բերուած խաղաղութեան մասին, պահպանենք այն, քանի որ այդ ձեռքբերումն առաջին հերթին ծառայում է Հայաստանի եւ Ադրբեջանի ժողովուրդներին, ծառայում է Հայաստանի եւ Ադրբեջանի ապագայ սերունդներին»,-ըսած է Փաշինեանը։

 

Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի վարչապետը նշած է, որ հաստատուած խաղաղութիւնը կատարեալ չէ, եւ տակաւին կան լուծում պահանջող մարդասիրական խնդիրներ։

«Նկատի ունեմ անյայտ կորածների ճակատագրերի պարզման, ականազերծման եւ կալանքի տակ գտնուող անձանց հետ կապուած հարցերը»,-ըսած է Փաշինեանը։

Անդրադառնալով խաղաղութեան հաստատման գործընթացին՝ Հայաստանի ղեկավարը ընդգծած է 2020 Նոյեմբերին հրադադարի հաստատման գործին մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ունեցած դերը, ինչպէս նաեւ 2022 Հոկտեմբեր 6-ին Փրակի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի նախաձեռնութեամբ կայացած հանդիպումը, որուն շնորհիւ վերահաստատուած է Ալմա-Աթայի հռչակագրին սկզբունքներու կիրառումը։

 

Ան նշած է, որ արդէն աւելի քան երկու տարի է՝ փոխհրաձգութիւններու հետեւանքով զոհեր եւ վիրաւորներ չեն արձանագրուած, շուրջ մէկ տարիէ ի վեր ատրպէյճանական երկաթուղին բաց է հայկական բեռերուն համար, սկսած է երկկողմանի առեւտուրը, իսկ սահմանին 12 քիլոմեթր երկարութեամբ հատուած մը սահմանազատուած եւ սահմանագծուած է։

«Պէտք է խոստովանել, որ 1991 թուականին Ալմա-Աթայի հռչակագրի ընդունումը չկանխեց Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ հակամարտութեան էսկալացիան։ Աւելի քան 30 տարի հակամարտութիւնը տեղի է ունեցել Ալմա-Աթայի հռչակագրի գոյութեան պայմաններում, եւ նրա գոյութիւնը կարծես աննկատ էր։ Լիարժէք խաղաղութեան հաստատման համար անհրաժեշտ էր, պատկերաւոր ասած, վերածնել այն»,- նշած է վարչապետը։

Փաշինեան յայտնած է, որ Հայաստանի տարածքին նախատեսուած է իրականացնել TRIPP նախագիծը, որուն նպատակն է, Ուաշինկթընի հռչակագրին համաձայն, ապահովել հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը։ Ասիկա կը ներառէ նաեւ Ատրպէյճանի հիմնական մասին եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ Հայաստանի տարածքով անխափան կապի հաստատումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հիւսիսային եւ հարաւային շրջաններուն կապը՝ Նախիջեւանի միջոցով, պետութիւններու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան յարգման սկզբունքներուն հիման վրայ։

Նախագիծը նոր տարանցիկ հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ Արեւելք-Արեւմուտք եւ Հարաւ-Հիւսիս ուղղութիւններով, ներառեալ՝ Պարսից ծոցէն մինչեւ Սեւ ծով երկաթուղային հաղորդակցութեան հաստատումը՝ Իրանի, Նախիջեւանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի տարածքներով։

Ան նաեւ նշած է, որ կը սպասուի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պետական սահմանին բացումը եւ ենթակառոյցներուն վերականգնումը։