Հալէպահայ շուրջ յիսուն հայ ընտանիքներ հաստատուած են Մաշթալ Հըլու: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ այդ շրջանի հայ բնակիչներէն: Մեր աղբիւրը նշեց, որ Հալէպի մէջ տիրող ապահովական ծանր դրութեան հետեւանքով հայ ընտանիքները ստիպուած եղած են թողնել իրենց տուները եւ հաստատուիլ Թարթուս ծովեզերեայ քաղաքին մօտ գտնուող քրիստոնէաբնակ Մաշթալ Հըլու աւանին մէջ: Մեր աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ ծնողներուն համար մեծագոյն հարցը շրջանին մէջ հայկական վարժարանի մը գոյութիւն չունենալն է, ու այդ պատճառով երեխաները ստիպուած կ'ըլլան արաբական վարժարան յաճախել եւ դարձած են արաբախօս:
