image

Արծրուն Յովհաննիսեանը հեռացած է իր պաշտօնէն.«Արմլուր»

Արծրուն Յովհաննիսեանը հեռացած է իր պաշտօնէն.«Արմլուր»

Ուշագրաւ իրավիճակ է Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս: ArmLur.am-ի տեղեկութիւններով` քիչ առաջ պաշտօնէն ազատուած է ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը: Մեզի հասած լուրերու համաձայն, ան աշխատանքէն ազատման զեկուցագիր ներկայացուցած է, որն ալ ՊՆ ղեկավար կազմը ստորագրած է:

Ըստ ArmLur.am-ին  հասած լուրերուն՝ Պն-ի մէջ խօսակցութիւններ կան, թէ ան առողջական խնդիրներու պատճառով ազատման դիմում գրած է:

Կայքն արդէն գրած էր, որ Արծրուն Յովհաննիսեանը վիրահատութեան պէտք է ենթարկուի, սակայն ArmLur.am-ի հաւաստի տեղեկութիւններու համաձայն, «շան գլուխը այլ տեղ է թաղուած»: Մասնաւորապես, ըստ այլ խօսակցութիւններու՝ Արծրուն Յովհանիսեանը աշխատանքային խնդիրներ ունեցած է ՊՆ նորանշանակ նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանի հետ: Աւելին, ըստ կայքին հասած լուրերու, ՊՆ աշխատակազմին մէջ շատերը խնդիրներ ունին նախարարի հետ, որոնց լրատուամիջոցը պիտի անդրադառնայ առաջիկային: