image

Հալէպահայը Դէպի Ո՞ւր. Նորա Տանակէօզեան-Մանսուրեան

Հալէպահայը Դէպի Ո՞ւր.  Նորա Տանակէօզեան-Մանսուրեան

Սուր­իոյ տագ­նա­պը իր ժո­ղո­վուր­դին, սուր­ի­ա­հա­յու­թեան եւ յատ­կա­պէս հա­լէ­պա­հա­յու­թեան հա­մար 21-րդ դա­րաս­կիզ­բի պա­տու­հա­սը դար­ձաւ:

Հա­րիւր տա­րի առաջ հա­յը սուր­ի­ա­կան հո­ղե­րու վրայ հաս­տատ­ուած էր, ար­մա­տա­ցած, ուռ­ճա­ցած ու սե­րունդ­ներ հաս­ցու­ցած` փայ­լուն ու խա­ղաղ ապա­գա­յի մը հե­ռան­կա­րով:

Սա­կայն, ի՜նչ հեգ­նանք, արդ­եօ՞ք հա­յու ճա­կա­տա­գիր. ահա այս աղէ­տա­լի պայ­ման­նե­րը կը ստի­պեն հա­յուն, ան­գամ մը եւս դի­մելու գաղ­թի, միշտ փայ­փա­յե­լով վե­րա­դառ­նա­լու յոյ­սը:

Պատ­մու­թի՞ւնը ինք­զինք կը կրկ­նէ, թէ անոր կեր­տող բրու­տը զայն կը ձե­ւա­ւո­րէ. շատ չի տար­բե­րիր, որով­հե­տեւ ար­դիւն­քը մի­եւ­նոյնն է, մար­դը կը տա­ռա­պի, կը զոհ­ուի յա­նուն այ­լոց անձ­նա­կան շա­հե­րուն: Անոնց շա­հե­րուն, որոնք զո­հե­րու գան­կե­րը աս­տի­ճա­նի տե­ղակ օգ­տա­գոր­ծե­լով կը բարձ­րա­նան…, դէ­պի ո՞ւր…, դէ­պի իրենց երե­ւա­կա­յա­կան ձգ­տում­նե­րը…:

Եւ մի­եւ­նոյն ար­դիւն­քով, ինչ­պի­սին էր առա­ջին աշ­խար­հա­մար­տին, հա­յը այ­սօր քա­ղա­քա­կիրթ բռ­նու­թեամբ մը կը լքէ իր իսկ շէն­ցու­ցած ու ծաղ­կե­ցու­ցած «հայ­րե­նիք»ը ու կր­կին կը բռ­նէ գաղ­թի ճամ­բան:

Իսկ գաղ­թի ճամ­բան ի հար­կէ հետի­ոտն չէ, բայց նոյն­քան ահ­ռե­լի, անո­րոշ ու անո­ղոք պայ­ման­նե­րու մէջ, որ­քան էր հա­րիւր տա­րի առաջ:

Հա­յը, յատ­կա­պէս հա­լէ­պա­հա­յը, որ շի­նած ու շէն­ցու­ցած էր իր գա­ղու­թը, կը հե­ռա­նայ` իր ետին թո­ղած ամ­բողջ գա­ղու­թի մը անց­եա­լը, մշա­կոյ­թը, եկե­ղե­ցին, դպ­րոցը, միու­թիւն­ները…: Բայց դէ­պի ո՞ւր, կր­կի՛ն դէ­պի անո­րոշ, մի­գա­մած ապա­գայ, կը փնտ­ռէ այն հո­ղը, ուր պի­տի կա­րե­նայ ան­գամ մը եւս հաս­տատ­ուիլ ու ար­մատ­ներ նե­տել, եւ … նո­րէ՞ն գաղ­թել…:

Ո՞ւր է այն հո­ղը, որուն հա­յը պի­տի կառ­չի յա­ւիտ­եան…:

Ցա­ւօք, ոմանց հա­մար մայր հայ­րե­նի­քը Հա­յաս­տա­նը չէ, այլ աւե­լի «յա­ռա­ջա­ցած եր­կիր­ներ»: Ո՞ր «յա­ռա­ջա­ցած»ը. այն որ շէն­ցած է կամ կր­կին պի­տի շէն­նայ իր զա­ւակ­նե­րուն աշ­խա­տան­քի՞ն շնոր­հիւ:

Սա­կայն հա­յը ին­չո՞ւ պէտք է ծաղ­կած հող փնտ­ռէ եւ ան­գամ մը եւս ծաղ­կեց­նէ զայն. պար­զա­պէս փաս­տե­լու, թէ հո­ղը բեր­րի է կամ ո՞չ:

Ո՞ւր է մայր հայ­րե­նիքը շէնց­նե­լու երա­զը, որով տո­գոր­ուած էին տա­րի­ներ առաջ, ցնո՞րք էր արդ­եօք…:

Իսկ ին­չո՞ւ չմ­ի­ա­նանք, չենք գտ­ներ այս տա­րօ­րի­նակ հո­գե­բա­նու­թեան պատ­ճա­ռը, ապա դար­մա­նենք զայն ու մեր ճի­գե­րով մե՛նք եւս ծաղ­կեցը­նենք մեր որ­դե­կո­րոյս մայր հայ­րե­նի­քը:

Թե­րեւս այս­քա­նը երա­զա­յին կը գտ­նենք, որ­պէս մտա­սե­ւե­ռում, սա­կայն նպա­տա­կը եւ գա­ղա­փա­րը դա­տար­կու­թե­նէն չեն ծնիր, այլ` կա­րի­քէն, եւ առա­ջին լուծ­ման լոյ­սի նշոյլ­նե­րը կ՛ար­տա­ցո­լան երա­զանք հե­ռա­պատ­կեր­նե­րէ:

Այս սկզ­բուն­քին հի­ման վրայ է, որ գի­տու­թիւնը իր նուա­ճում­նե­րը կ՛ար­ձա­նագ­րէ:

Մար­դը փա­փա­քե­ցաւ վեր թռ­չիլ, ստեղ­ծեց թռիչ­քի հա­մար սար­քա­ւո­րում­ներ, օրէ օր զար­գա­ցուց զա­նոնք, իսկ այժմ` դէ­պի անջր­պետ ճամ­բոր­դու­թիւնն ան­գամ հարց չէ իրեն հա­մար:

Մի­եւ­նոյն սկզ­բուն­քով մօ­տե­ցու­մը կր­նայ իրա­կա­նաց­նել հա­յու նոր եւ զօ­րեղ հայ­րե­նիք մը ստեղ­ծե­լու եւ կեր­տե­լու կորս­ուած տեն­չը, սա­կայն անհ­րա­ժեշտ է, որ կա­յա­նայ հա­յա­հա­ւա­քի ծրա­գի­րը. Սփիւռ­քը ան­գամ մը եւս սփռ­ուե­լու կա­րի­քը պէտք չէ ու­նե­նայ:

Բա­ւա­րա՛ր է, որ իւ­րա­քան­չիւր սփիւռ­քա­հայ, զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ իր ստա­ցած մշա­կոյ­թը ու վաս­տա­կը ձեռ­քին` մտ­նէ մայր հայ­րե­նիք, զայն ծաղ­կեց­նե­լու նպա­տա­կով, հա՛յ բա­զուկ­նե­րով ու հա­յու անն­կուն կամ­քով:

Եւ` բա­ւա­րա՛ր է հեռ­ուէն դի­տել հայ­րե­նի­քի խեղ­ճու­թիւնը ու միայն եր­գել.

«Ա՜խ, հայ­րե­նիք,

Ե՞րբ պի­տի տես­նեմ քե­զի լաւ…»:

 

                                                          Նորա Տանակէօզեան-Մանսուրեան

                                                                      «Գանձասար» Հալէպ