Սուրիոյ տագնապը իր ժողովուրդին, սուրիահայութեան եւ յատկապէս հալէպահայութեան համար 21-րդ դարասկիզբի պատուհասը դարձաւ:
Հարիւր տարի առաջ հայը սուրիական հողերու վրայ հաստատուած էր, արմատացած, ուռճացած ու սերունդներ հասցուցած` փայլուն ու խաղաղ ապագայի մը հեռանկարով:
Սակայն, ի՜նչ հեգնանք, արդեօ՞ք հայու ճակատագիր. ահա այս աղէտալի պայմանները կը ստիպեն հայուն, անգամ մը եւս դիմելու գաղթի, միշտ փայփայելով վերադառնալու յոյսը:
Պատմութի՞ւնը ինքզինք կը կրկնէ, թէ անոր կերտող բրուտը զայն կը ձեւաւորէ. շատ չի տարբերիր, որովհետեւ արդիւնքը միեւնոյնն է, մարդը կը տառապի, կը զոհուի յանուն այլոց անձնական շահերուն: Անոնց շահերուն, որոնք զոհերու գանկերը աստիճանի տեղակ օգտագործելով կը բարձրանան…, դէպի ո՞ւր…, դէպի իրենց երեւակայական ձգտումները…:
Եւ միեւնոյն արդիւնքով, ինչպիսին էր առաջին աշխարհամարտին, հայը այսօր քաղաքակիրթ բռնութեամբ մը կը լքէ իր իսկ շէնցուցած ու ծաղկեցուցած «հայրենիք»ը ու կրկին կը բռնէ գաղթի ճամբան:
Իսկ գաղթի ճամբան ի հարկէ հետիոտն չէ, բայց նոյնքան ահռելի, անորոշ ու անողոք պայմաններու մէջ, որքան էր հարիւր տարի առաջ:
Հայը, յատկապէս հալէպահայը, որ շինած ու շէնցուցած էր իր գաղութը, կը հեռանայ` իր ետին թողած ամբողջ գաղութի մը անցեալը, մշակոյթը, եկեղեցին, դպրոցը, միութիւնները…: Բայց դէպի ո՞ւր, կրկի՛ն դէպի անորոշ, միգամած ապագայ, կը փնտռէ այն հողը, ուր պիտի կարենայ անգամ մը եւս հաստատուիլ ու արմատներ նետել, եւ … նորէ՞ն գաղթել…:
Ո՞ւր է այն հողը, որուն հայը պիտի կառչի յաւիտեան…:
Ցաւօք, ոմանց համար մայր հայրենիքը Հայաստանը չէ, այլ աւելի «յառաջացած երկիրներ»: Ո՞ր «յառաջացած»ը. այն որ շէնցած է կամ կրկին պիտի շէննայ իր զաւակներուն աշխատանքի՞ն շնորհիւ:
Սակայն հայը ինչո՞ւ պէտք է ծաղկած հող փնտռէ եւ անգամ մը եւս ծաղկեցնէ զայն. պարզապէս փաստելու, թէ հողը բերրի է կամ ո՞չ:
Ո՞ւր է մայր հայրենիքը շէնցնելու երազը, որով տոգորուած էին տարիներ առաջ, ցնո՞րք էր արդեօք…:
Իսկ ինչո՞ւ չմիանանք, չենք գտներ այս տարօրինակ հոգեբանութեան պատճառը, ապա դարմանենք զայն ու մեր ճիգերով մե՛նք եւս ծաղկեցընենք մեր որդեկորոյս մայր հայրենիքը:
Թերեւս այսքանը երազային կը գտնենք, որպէս մտասեւեռում, սակայն նպատակը եւ գաղափարը դատարկութենէն չեն ծնիր, այլ` կարիքէն, եւ առաջին լուծման լոյսի նշոյլները կ՛արտացոլան երազանք հեռապատկերներէ:
Այս սկզբունքին հիման վրայ է, որ գիտութիւնը իր նուաճումները կ՛արձանագրէ:
Մարդը փափաքեցաւ վեր թռչիլ, ստեղծեց թռիչքի համար սարքաւորումներ, օրէ օր զարգացուց զանոնք, իսկ այժմ` դէպի անջրպետ ճամբորդութիւնն անգամ հարց չէ իրեն համար:
Միեւնոյն սկզբունքով մօտեցումը կրնայ իրականացնել հայու նոր եւ զօրեղ հայրենիք մը ստեղծելու եւ կերտելու կորսուած տենչը, սակայն անհրաժեշտ է, որ կայանայ հայահաւաքի ծրագիրը. Սփիւռքը անգամ մը եւս սփռուելու կարիքը պէտք չէ ունենայ:
Բաւարա՛ր է, որ իւրաքանչիւր սփիւռքահայ, զանազան երկիրներէ իր ստացած մշակոյթը ու վաստակը ձեռքին` մտնէ մայր հայրենիք, զայն ծաղկեցնելու նպատակով, հա՛յ բազուկներով ու հայու աննկուն կամքով:
Եւ` բաւարա՛ր է հեռուէն դիտել հայրենիքի խեղճութիւնը ու միայն երգել.
«Ա՜խ, հայրենիք,
Ե՞րբ պիտի տեսնեմ քեզի լաւ…»:
Նորա Տանակէօզեան-Մանսուրեան
«Գանձասար» Հալէպ