Իրանի ուղղութեամբ յարձակումներու թիւը զգալիօրէն պիտի աճի: Այս պնդմամբ շաբաթ օր հանդէս եկած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացը։
«Առաջիկայ շաբթուան ընթացքին յարձակումներու խտութիւնը, որոնք Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը եւ ամերիկեան զինուորականները պիտի իրականացնեն իրանական վարչակարգի եւ այն ենթակառուցուածքներու դէմ, որոնց վրայ եւ կը յենի, զգալիօրէն պիտի աճի, եւ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի ու Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի գլխաւորած արշաւը պիտի շարունակուի»,- յայտարարած է Քացը: