Աշխարհը կորսնցուց ոչ միայն շարժապատկերի հերոս մը, այլեւ սերունդներ ոգեշնչած անհատ մը, որուն ազդեցութիւնը կը շարունակուի զգացուիլ թէ՛ արուեստի, թէ՛ մարզական եւ թէ՛ հանրային կեանքի մէջ։
Ամերիկացի մարտարվեստի վարպետն ու Հոլիվուտեան ֆիլմերու նշանաւոր դերասան Չաք Նորիս (Chuck Norris) մահացած է 86 տարեկանին՝ իր ետին թողնելով հարուստ ժառանգութիւն մը, որ կը միացնէ ուժը, կարգապահութիւնը եւ մարդասիրական արժէքները։
Նորիս, որ ծնած էր 1940-ին ԱՄՆ-ի Օքլահոմա (Oklahoma) նահանգին մէջ։ Ան երիտասարդ տարիքին ծառայած է ԱՄՆ բանակի օդային ուժերուն մէջ, ուր ալ առաջին անգամ ծանօթացած է մարտարուեստին։ Հետագային կը դառնայ բազմակի սեւ գօտիի տէր եւ «Քարալէ»ի միջազգային ախոյեան՝ հաստատելով նաեւ իր սեփական մարտարուեստի դպրոցը։
Անոր համաշխարհային համբաւը ամրապնդուեցաւ, երբ խաղաց The Way of the Dragon ֆիլմին մէջ՝ առասպելական Bruce Lee-ի դիմաց։ Հետագային Նորիս կը դառնայ 1980-ականներու ֆիլմերու ամենանշանաւոր դէմքերէն մին եւ լայն ճանաչում կը ստանայ նաեւ հեռատեսիլի մէջ՝ «Walker, Texas Ranger» տեսաշարով։
Անոր մահուան լուրը խոր ցաւով ընդունուեցաւ աշխարհով մէկ։ Շատեր, ներառեալ դերասաններ ինչպէս Սիլվէսթըր Սթալոն (Sylvester Stallone) եւ Տոլֆ Լունտկրին (Dolph Lundgren), զինք յիշեցին որպէս օրինակելի մարդ եւ անխախտ կամքի խորհրդանիշ։
Ընտանիքին հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ Նորիս «կ՚ապրէր հաւատքով, նպատակով եւ իր սիրելիներուն հանդէպ անսասան նուիրումով»։ Անոնք նաեւ շեշտեցին, որ աշխարհի համար ան ուժի խորհրդանիշ էր, մինչդեռ իրենց համար՝ սիրող հայր, ամուսին եւ ընտանիքի սիրտ։
Իր դերասանական եւ մարզական գործունէութենէն դուրս, Նորիս տարիներու ընթացքին դարձաւ նաեւ համացանցային մշակոյթի խորհրդանիշ՝ «Chuck Norris facts» հումորային արտայայտութիւններով, որոնք կը չափազանցեն անոր ուժն ու անպարտելիութիւնը։
Աշխարհը կորսնցուց ոչ միայն շարժապատկերի հերոս մը, այլեւ սերունդներ ոգեշնչած անհատ մը, որուն ազդեցութիւնը կը շարունակուի զգացուիլ թէ՛ արուեստի, թէ՛ մարզական եւ թէ՛ հանրային կեանքի մէջ։

