Այսօր Հալէպի վերականգման մասին յատուկ ժողովի ընթացքին, քաղաքապետ Հիւսէյն Տիապ յայտարարած է, որ քաղաքապետարանի անդամներն ու աշխատողները, համագործակցելով Հալէպի կառավարական բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ, պիտի աշխատին մաքրել Հալէպի բոլոր թաղամասերը:
Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցած են Հալէպի տարբեր լրատուամիջոցներ:
Ըստ լրատուամիջոցներուն՝ քաղաքապետը զգուշացուցած է բոլոր խանութպաններն ու վաճառականները, որ եթէ սխալ կամ անօրէն վաճառքներ նկատուին՝ ամենէն ծանր ձեւերով պիտի պատժուին:
Նշենք, որ քաղաքապետը խոստացած է Ռամուսէ թաղամասի վերականգնումը կատարել:
Քաղաքապետը թոյլտուութիւն տուած է պատերազամին հետեւանքով Ռամուսէէն խոյս տուած խանութպաններուն՝ վերադառնալ Ռամուսէ եւ վերսկսիլ իրենց գործերը:
Ան նաեւ յայտարարած է, որ Ռամուսէ թաղամասին ապահովութիւնը արդէն երաշխաւորուած է սուրիական բանակի շնորհիւ եւ վաճառականները հանգիստ կրնան վերադառնալ իրենց խանութները եւ վերսկսիլ իրենց բնականոն կեանքին: