image

Հալէպ. Ռամուսէ թաղամասը պիտի վերականգնուի

Հալէպ. Ռամուսէ թաղամասը պիտի վերականգնուի

Այսօր Հալէպի վերականգման մասին յատուկ ժողովի ընթացքին, քաղաքապետ Հիւսէյն Տիապ  յայտարարած է, որ քաղաքապետարանի անդամներն ու աշխատողները, համագործակցելով Հալէպի կառավարական բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ, պիտի աշխատին մաքրել Հալէպի բոլոր թաղամասերը:

Այս մասին տեղեկութիւնը     փոխանցած   են  Հալէպի տարբեր  լրատուամիջոցներ:

Ըստ լրատուամիջոցներուն՝ քաղաքապետը զգուշացուցած է բոլոր խանութպաններն   ու  վաճառականները, որ եթէ սխալ կամ անօրէն վաճառքներ նկատուին՝ ամենէն ծանր ձեւերով պիտի պատժուին:

Նշենք, որ քաղաքապետը խոստացած է Ռամուսէ թաղամասի վերականգնումը կատարել:

Քաղաքապետը թոյլտուութիւն տուած է  պատերազամին հետեւանքով   Ռամուսէէն   խոյս  տուած խանութպաններուն՝ վերադառնալ Ռամուսէ եւ վերսկսիլ իրենց գործերը:

Ան նաեւ յայտարարած է, որ Ռամուսէ թաղամասին ապահովութիւնը արդէն երաշխաւորուած է սուրիական բանակի շնորհիւ եւ վաճառականները հանգիստ կրնան վերադառնալ իրենց խանութները եւ վերսկսիլ  իրենց բնականոն կեանքին: