Արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին, օգոստոս 2-էն 8-ն ինկած ժամանակահատուածին, հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է աւելի քան 300 անգամ` հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 2800 կրակոց: Այս մասին կը տեղեկացնեն ԱՀ ՊԲ-էն։