Սուրիոյ բանակին տիրապետութեան տակ անցած Ղընէմյէ գիւղի գլխաւոր մայրուղին կը շարունակէ մնալ փակ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Լաթաքիոյ իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ Լաթաքիա հաստատուած տասնեակ ընտանիքներ կը շարունակեն մնալ սպասողական վիճակի մը մէջ, որովհետեւ ազատագրուած Ղընէմյէն ցարդ ապահով շրջան մը չի համարուիր: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ Ղընէմէյի պատուհասող եւ հրթիռներու թիրախ դարձնող շրջանը Քըլ Սըպպա անունով բլուրն է, որ ներկայիս կը գտնուի իսլամիստ ծայրայեղականներու տիրապետութեան տակ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ հակառակ շրջանին մէջ գրանցուած ծանր մարտերուն՝ հայկական գիւղի տուները կանգուն վիճակ մը ունին: Կը հաղորդուի նաեւ, որ դէպի Ղընէմյէ տանող գլխաւոր մայրուղին ականապատուած է զինեալներուն կողմէ եւ այդ իսկ պատճառով իրենց տուները տեսնել փափաքող գիւղացիներ կը ստիպուին այլ աւելի երկար եւ դժուարին ճանապարհներով գիւղաւան հասնիլ ու ապա ետ դառնալ դէպի Լաթաքիա: