image

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կրնայ հայազգի նախագահ ունենալ

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կրնայ հայազգի նախագահ ունենալ

Մանկական ուռուցքաբան, բժիշկ Գէորգ Թամամեան առաջադրուած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնին՝ Պոթսուանա Հանրապետութեան կողմէ։ Այս մասին Թամամեան յայտնած է ընկերային ցանցերու վրայ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Պոթսուանայի նախագահ Տումա Կիտէոն Պոքոյին եւ երկրի կառավարութեան՝ վստահութեան համար։

Թամամեան նշած է, որ իր տեսլականն է ունենալ աւելի զօրաւոր, արագ եւ արդիւնաւէտ գործող Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւն, որ սերտօրէն պիտի համագործակցի անդամ պետութիւններուն հետ՝ ապահովելով առողջապահական յառաջընթացի հասանելիութիւնը իւրաքանչիւր մարդու համար։

Ան յառաջիկայ ամիսներուն կը նախատեսէ հանդիպումներ եւ քննարկումներ ունենալ աշխարհի տարբեր տարածաշրջաններու անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։