image

Ղընէմյէի Մայր Ճամբան Կը Շարունակէ Մնալ Փակ.Աղբիւր

Ղընէմյէի  Մայր Ճամբան Կը Շարունակէ Մնալ Փակ.Աղբիւր

Սուրիոյ  բանակին  տիրապետութեան տակ անցած Ղընէմյէ      գիւղի  գլխաւոր մայրուղին կը շարունակէ մնալ փակ: Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Լաթաքիոյ իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց,  որ  Լաթաքիա հաստատուած տասնեակ ընտանիքներ կը շարունակեն մնալ սպասողական  վիճակի մը մէջ, որովհետեւ   ազատագրուած   Ղընէմյէն      ցարդ  ապահով շրջան  մը չի համարուիր: Մեր   աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ   Ղընէմէյի    պատուհասող  եւ հրթիռներու թիրախ դարձնող   շրջանը  Քըլ Սըպպա  անունով բլուրն է, որ  ներկայիս կը գտնուի       իսլամիստ  ծայրայեղականներու  տիրապետութեան  տակ:  Կը հաղորդուի նաեւ, որ հակառակ    շրջանին մէջ   գրանցուած ծանր մարտերուն՝ հայկական  գիւղի  տուները   կանգուն վիճակ մը  ունին:   Կը  հաղորդուի նաեւ, որ դէպի Ղընէմյէ  տանող   գլխաւոր  մայրուղին  ականապատուած է    զինեալներուն   կողմէ եւ այդ իսկ պատճառով  իրենց տուները   տեսնել փափաքող գիւղացիներ կը ստիպուին   այլ աւելի երկար  եւ դժուարին  ճանապարհներով  գիւղաւան հասնիլ ու   ապա    ետ դառնալ  դէպի Լաթաքիա: